Ռիթա Քոuրումլեանի «Միասին Քալենք» գիրքի շնորհանդէսը
Վատիկան. Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Պէյրութի Սրբոց Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Եղիա Մարգարէ մայր տաճարին մէջ հանդիսաւոր կերպով կատարուեցաւ Ռիթա Քոuրումլեանի առաջին գիրք՝ «Միասին Քալենք»-ի շնորհանդէսը։
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին։
Գիրքը, որ լոյս տեսած է 2026-ի փետրուարին, հոգեւոր վկայութիւն մըն է, որուն մէջ հեղինակը կը կիսէ իր հաւատքի ճանապարհը՝ սկսեալ մկրտութենէն մինչեւ Հռոմի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին իր մասնակցութիւնը (2023 եւ 2024)։ Ան իր փորձառութիւնը կը ներկայացնէ որպէս Աստուծոյ կոչի պատասխան եւ ծառայութիւն Եկեղեցւոյ ու միութեան գործին։
Ներկայացման ընթացքին գիրքին մասին արտայայտուեցան հոգեւոր եւ ակադեմիական դէմքեր, ընդգծելով հեղինակի նուիրումն ու հոգեւոր հասունութիւնը։ Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքի գինեձօնը ՝ ըստ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աւանդութեան։
Այսպիսով, «Միասին Քալենք»-ը կը ներկայանայ որպէս հաւատքի եւ յանձնառութեան վկայութիւն, կոչ՝ միասին քալելու սիրոյ, եղբայրութեան եւ եկեղեցական միութեան ճանապարհով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ