Որոնել

2026.02.24 Preghiera per l'unità dei cristiani ad Aleppo

Եկեղեցիներու Միութեան աղօթք Հալէպի մէջ

Նախագահութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, եկեղեցիներու միութեան աղօթք կատարուեցաւ Կիրակի, 22 Փետրուար 2026-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Արարողակարգին հայ երեք համայնքապետերուն կողքին ներկայ գտնուեցան հոգեշնորհ հայր սուրբեր, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, պատուելիներ եւ բարեպաշտ ժողովուրդը։

Օրուան բնաբանն էր՝ «Հայրս եւ ես մէկ ենք» (Յհ 10.30) եւ «Մէկ է մարմինը եւ մէկ՝ Սուրբ Հոգին, ինչպէս մէկ է յոյսը՝ որուն հրաւիրեց ձեզ Աստուած» (Եփ 4.4):

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։

Արարողակարգին սկիզբը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն: Այնուհետեւ ներկաները միասնաբար արտասանեցին 91-րդ սաղմոսը:

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան իր պատգամը ուղղելով դիտել տուաւ, որ այս տարի իւրայատուկ է, որովհետեւ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի բնաբանը ճշդուած է Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ, հետեւաբար մեզի համար կրկնակի իմաստ եւ համախմբուելու պատճառ է, որպէսզի աղօթենք Հայ Եկեղեցիին մէջ, Հայ Եկեղեցիին համար եւ ընդլայնենք այդ հոգին համատարած ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու:

Վերապատուելին ի մի բերելով քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան իբրեւ բնաբան ընտրուած համարը (Եփ 4.4) եւ այսօրուան համարը (Յհ 10.30), երկու էութենական ճշմարտութիւններ մատնանշեց.-

- Էութենական միութիւնը, երբ Քրիստոս կ'ըսէ. «Ես եւ հայրը մէկ ենք», այս ինքնին էութենական է, որուն վրայ հիմնուած է Քրիստոսի եկեղեցին:

Ան յայտնեց, թէ այս բնաբանը հայկական երկիւղէն ծնած բնաբան է, երբ իբրեւ հայեր Հայաստանի եւ Հայաստանէն դուրս կ'ապրինք զանազան մարտահրաւէրներ: Ուստի, այսօր պէտք է յիշենք, որ աշխարհաքաղաքական զանազան դժուարութիւններուն առջեւ մեր ինքնութեան կողմնորոշման մէջ աղօթք կատարելու պարտաւորութեան դիմաց կը գտնուինք:

- Քրիստոսի կողմէ մեզի եկած աղօթելու պատուէրը հնարաւորութիւն տուաւ տեսնելու, որ մեզ միացնողը Քրիստոսի մարմինն է, որուն մէջ հսկայական շնորհք, քաղցրութիւն եւ ողորմութիւն կայ:

Վերապատուելին հրաւիրեց բոլորը պատկերացնելու Քրիստոսի մէկ ըլլալու իրողութիւնը՝ ամէն օր ջանալով Սուրբ Հոգիին կրակը մեր մէջ վառ պահել, տարբերութիւններն ու զանազանութիւնները բաժանում համարելու տեղ ճոխութիւն պատկերացնել ու անոր մէջ հարստութիւն տեսնել՝ հասնելու համար Քրիստոսի մարմինին ամբողջական էութեան:

«Փրկութիւնը մէկ է, հոգին մէկ է եւ մեր հաւատքը մէկ է»: Վերապատուելին մաղթեց, որ այս մէկութիւնը մեզ գօտեպնդէ Հալէպի, Երեւանի, Հայաստանի տարբեր քաղաքներուն եւ սփիւռքի մէջ, որպէսզի Հայ Եկեղեցին Աստուծոյ վերահսկողութեամբ 301-էն մինչեւ օրս իր վրայ վերցուցած առաքելութեամբ շարունակէ շնչել եւ ապրիլ:

Համայնքներու ներկայացուցիչները աւետարանական հատուածներ ընթերցեցին եւ միութեան խնդրանքներ բարձրացուցին առ Աստուած:

Յաջորդաբար իրենց պատգամները փոխանցեցին Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան:

Աւարտին, ներկաները միաբերան «Տէրունական Աղօթք»ը արտասանեցին, ապա երեք համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով հաւատացեալները միութեան ձգտումով մեկնեցան եկեղեցիէն։

Աղբիւրը` Հալէպի Հայ Աւետարանական Եկեղեցի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2026, 08:29