Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (ANSA)

Պըրրիին յղած Իր նամակին մէջ. «Լիբանանի ժողովուրդը հրաւիրուած է միասնաբար աշխատելու խաղաղութեան եւ հաշտութեան մշակոյթի պահպանման համար» Կ՛ըսէ Լեւոն ԺԴ. Պապը

Լեւոն ԺԴ. պապը Նեպիհ Պըրրիին յղած նամակին մէջ դրուատած է լիբանանցի ժողովուրդի տոկունութիւնը եւ խրախուսած է շարունակել երկխօսութեան ու միասնութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերը: Սրբազան քահանայապետը մաղթած է, որ Լիբանանը մնայ խաղաղութեան օրինակ եւ յաղթահարէ մարտահրաւէրները՝ հասնելով բարգաւաճման ու ապահովութեան:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լեւոն ԺԴ. պապէն ստացաւ շնորհակալական նամակ մը, որուն մէջ սրբազան քահանայապետը նշեց. «Ձեզի հետ անցուցած օրերուս ընթացքին զգացի, թէ Լիբանանը քաջութեան ու տոկունութեան կենդանի օրինակ է, եւ անոր ժողովուրդը հրաւիրուած է, հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն, միասնաբար աշխատելու խաղաղութեան ու հաշտութեան մշակոյթի պահպանման համար:

«Տպաւորուեցայ համագործակցութեան ոգիով ու դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ զանոնք հանդիպումներուն ու երկխօսութեան կարելիութիւններու վերածելու վճռականութեամբ, որ կ՛ամրապնդէ լիբանանեան հասարակութեան մէջ միասնութիւնն ու եղբայրութիւնը: Ես ձեզ կը խրախուսեմ շարունակելու այս ազնիւ ջանքերը, որպէսզի Լիբանան միշտ մնայ յոյսի եւ խաղաղութեան կենդանի օրինակ»:

Լեւոն ԺԴ. իր նամակը եզրափակած է ըսելով. «Ձեզի եւ Լիբանանի սիրելի ժողովուրդին կը մաղթեմ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն, եւ Աստուծմէ կը խնդրեմ իրականացնել ձեր յոյսերն ու ձգտումները` շարունակական յառաջընթացով եւ բարգաւաճումով»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2026, 09:01