Որոնել

Քրիստոնէական համերաշխութեան միջազգային կազմակերպութիւնը հանդիպում ունեցած է Գարեգին Բ-ին հետ Քրիստոնէական համերաշխութեան միջազգային կազմակերպութիւնը հանդիպում ունեցած է Գարեգին Բ-ին հետ 

Քրիստոնէական համերաշխութեան միջազգային կազմակերպութիւնը հանդիպում ունեցած է Գարեգին Բ-ին հետ

CSI-ի նախագահ Ճան Այպնըր Հայաստան այցելութեան ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ քաղաքական բանտարկեալներուն՝ ստանձնելով Բագրատ Սրբազանի նամակները միջազգային ատեաններուն հասցնելու պարտականութիւնը։ Ան նաեւ ներկայացուց Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքը պաշտպանող «Խաղաղութեան ֆորում» նախաձեռնութիւնը, որ կը նախատեսէ միջազգային հովանիի տակ կայանալիք երկխօսութիւն։

Քրիստոնէական համերաշխութեան միջազգային կազմակերպութեան նախագահ Ճան Այպնըր Հայաստան կ՛այցելէ եւ արդէն ունեցած է քանի մը տեսակցութիւններ։ Իր այցելութեան եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն գծով ան իր տեսակէտները յայտնեց մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։

Խօսելով եկեղեցի-իշխանութիւն յարաբերութեանց մասին՝ ան դիտել տուաւ, որ Էջմիածինի մէջ հանդիպում ունեցած է Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ, որ՝ «ամուր, հաստատուն կանգնած է` պաշտպանելու ազգը, հօտը եւ կատարելու իր պարտականութիւնները»։

«Այսօր առաւօտեան նաեւ կարելի եղաւ բանտին մէջ այցելել Բագրատ արք. Գալստանեանին: Ան նոյն բանտախուցին մէջ էր, ուր 1937ին սպաննուած է իր անունը կրող Բագրատ արքեպիսկոպոս Վարդազարեանը` խորհրդային ուժերուն կողմէ», նշեց ան:

Բագրատ սրբազանը Այպնըրին յանձնած է 2 նամակներ, որոնցմէ մէկը ուղղուած է Միջազգային կրօնական ազատութեան վեհաժողովին, որ այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ Ուաշինկթընի մէջ, իսկ միւսը` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ․ Տի․ Վենսին, որ շուտով Հայաստան եւ Ատրպէյճան պիտի այցելէ։

Այպնըր հաստատեց, որ գործարար Սամուէլ Կարապետեան քաղաքական բանտարկեալ է. «Ան բանտարկուած է եկեղեցւոյ սատարելուն համար: Սամուէլ Կարապետեան կաթողիկոսին սատար կանգնեցաւ եւ նիւթապէս շատ օգնած է եկեղեցիին․ ճիշդ այս տեսակ մարդիկ պոլշեւիկներուն թիրախ կը դառնային, անոնց ունեցուածքը պետականի կը վերածուէր: Այս պարագային եւս գործ ունինք ոչ միայն բանտարկութեան հետ, այլ նաեւ սեփական ձեռնարկութեանց պետականացման»։

Ան նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հարցին եւ նշեց, որ 2024ի Հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախէն տեղահանուած անձերուն հետ եւ անոնց ուղղած է երեք հիմնական հարցումներ՝

 1․ Ի՞նչ տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 2023ին,  

 2․ Ի՞նչ կ՛ուզեն ընել ներկայիս,

 3․ Ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ այդ նպատակին:

«Անոնց յստակ առաջարկը հետեւեալն էր․ կլոր սեղան Ատրպէյճանի եւ Արցախի միջեւ` միջազգային կիզակէտի տակ: Այդ հանդիպման ընթացքին ես խոստացայ՝ «Կը վերադառնամ Զուիցերիա եւ կը փորձեմ ընել բան մը․ ապա Հոկտեմբեր 2024ին ես արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցի «Խաղաղութեան ֆորում Լեռնային Ղարաբաղի համար` նպաստելու հայերու վերադարձին» վերնագիրով խնդրագիր, որ արժանացաւ համաձայնութեան», եզրակացուց ան։

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2026, 10:01