Որոնել

FILE PHOTO: A U.N. peacekeeper of the United Nations Interim Force in Lebanon (UNIFIL) stands at his post in the village of Markaba

ՄԱԿը մտադիր է իր խաղաղապահ ուժերուն մեծամասնութիւնը Լիբանանէն հեռացնել 2027ի կիսուն

ՖԻՆԻՒԼը 1978էն ի վեր Հարաւային Լիբանանի մէջ կը գործէ իբրեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ անջատման ուժ:

Հարաւային Լիբանան հաստատուած ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերուն՝ ՖԻՆԻՒԼի բանբեր Քանիս Արտիլ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼը մտադիր է իր ուժերուն մեծամասնութիւնը Լիբանանէն հեռացնել 2027ի կիսուն:

«Այս տարուան աւարտին իր գործողութիւններու ժամկէտին աւարտէն ետք, միջազգային ուժը պիտի սկսի իր անձնակազմն ու սարքերը հեռացնելու եւ մեր դիրքերը լիբանանեան իշխանութիւններուն յանձնելու գործողութիւնը, որմէ ետք պիտի կատարէ սահմանափակ առաքելութիւն` պաշտպանելու ՄԱԿի պաշտօնեաներն ու ներուժը եւ աջակցելու անձնակազմի ու սպառազինութեան ապահով հեռացումին», աւելցուց ան:

Նշենք, որ ՖԻՆԻՒԼը 1978էն ի վեր Հարաւային Լիբանանի մէջ կը գործէ իբրեւ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ անջատման ուժ:

Միւս կողմէ, «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն շարունակութիւնը կապուած է լիբանանեան զինեալ դիմադրութեան վերջ տալուն` աւելցնելով, որ Իսրայէլ չկրցաւ այդ մէկը իրագործել:

«Մեծ տէրութիւնները բազմապիսի ճնշումներ գործադրեցին Լիբանանի եւ անոր բանակին վրայ դիմադրութիւնը զինաթափելու համար, եւ լիբանանեան կառավարութիւնը մղեցին զէնքի մենաշնորհման որոշումը որդեգրելու, սակայն այս ճնշումը չյաջողեցաւ: Աշխատանք տարուեցաւ բանակին ու Դիմադրութեան միջեւ սադրանք յառաջացնելու, սակայն երկու կողմերուն զգօնութիւնը պատճառ դարձաւ, որ այդ աշխատանքը ձախողութեան մատնուի: Արգիլեցին վերաշինութիւնը այն պատրուակով, թէ պահանջուածը զէնքի մենաշնորհումն է», աւելցուց ան:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2026, 08:13