ԱԲ. զարգացում և մարդկային արժանապատուութիւն։ Աւարտին հասաւ «India-AI Impact Summit»-ը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Նիու Տելհիի մէջ գումարուած «India-AI Impact Summit» միջազգային հանդիպումը հասաւ ի աւատին։ Անոր մասնակցած էին պետութիւններու ղեկավարներ և արհեստագիտութեան ոլորտի փորձագէտներ՝ քննարկելու համար արհեստական բանականութեան ազդեցութիւնը մարդոց, առաջընթացի և մոլորակի վրայ:
Աշխատանքներուն բացումը կատարած էր Հնդկաստանի Վարչապետ Նարենտրա Մոտին, որ կոչ ըրած էր ստեղծել «համատեղ ուղեցոյց», որպէսզի նոր արհեստագիտութիւնները կառավարուին պատասխանատուութեամբ և ծառայեն բոլորի բարեկեցութեան:
Քննարկումներու կենտրոնն էր ԱԲ-ն որպէս պատմական հնարաւորութիւն զարգացող երկիրներու համար:
Բազմաբնոյթ և բազմալեզուային գործիքներու շնորհիւ արհեստական բանականութիւնը կարող է նուազեցնել հիմնական ծառայութիւններուն հասանելիութեան տարբերութիւնը՝ ինչպէս առողջապահութիւնն ու կրթութիւնը, շրջանցելով այն միջկառուցուածքային խոչընդոտները, որոնք տասնամեակներ շարունակ կաշկանդեցին համաշխարհային Հարաւը։
Այնուամենայնիւ, կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ նոր անարդարութեան վտանգը` հաշուարկային հզօրութիւնը եւ մեծ ծաւալի տուեալները կենտրոնացած են մի քանի երկիրներու եւ խոշոր ընկերութիւններու ձեռքերուն մէջ, ինչը կարող է ԱԲ-ն դարձնել միայն գերիշխող շահերն ու մշակոյթները արտացոլող։
Խորհրդաժողովը կոչ կատարեց բարոյական սկզբունքները վերածելու շօշափելի գործողութիւններու՝ պաշտպանելով աշխատանքն ու շրջակայ միջավայրը և խթանելով զարգացման տիպարներ, հիմնուած մարդկային արժանապատուութեան վրայ:
Կոչ` որ իր արձագանքը կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Պապի «բարոյական ալկոռեթիքայի» և Լեւոն ԺԴ.ի խօսքերուն մէջ, որոնք ընդգծեցին մարդակեդրոն թուային կարգի մը անհրաժեշտութիւնը:
«Արհեստական Բանականութիւնը պէտք է մնա մարդու ծառայութեան գործիք, ղեկավարուի սրտով և բարոյական պատասխանատուութեամբ». այս է արդարեւ եզրափակիչ պատգամը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ