Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան «Գանձասար» այցելեց
Չորեքշաբթի, 11 Փետրուար 2026-ի առաւօտեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի․ Տէր Պետրոս Արք․ Միրիաթեան «Գանձասար»-ի խմբագրատուն այցելեց։ Գերապայծառ Տիրոջ կ՚ընկերակցէր Տէր Կոմիտաս Վրդ․ Տատաղլեան։
Գերապայծառ Տէրը խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի եւ վարչական պատասխանատու Ներսէս Պարսումեանի հետ զրուցեց սուրիահայ մամուլի դերակատարութեան շուրջ, ծանօթացաւ «Գանձասար»-ի աշխատանքներուն, ծրագրերուն, թերթի հրապարակման փուլերուն եւ խմբագրակազմին, շեշտելով որ մշտապէս կը հետեւի թերթի նիւթերուն՝ գնահատեց աշխոյժ մասնակցութիւնը աշխատակիցներուն, որոնք Սուրիոյ մէջ ըլլան, թէ այլուր թարմ աւիշ կը հաղորդեն թերթին։ Ուրախութեամբ յայտնեց, որ «Վատիկանի Ձայն»-ը սուրիահայ համայնքի լուրերը կը ստանայ «Գանձասար»-ի դիմատետրի եւ կայքի էջերէն ու կը գործակցի խմբագրութեան հետ յատկանշական առիթներով։
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ երիտասարդ թղթակիցներու պատրաստութեան կարեւորութեան՝ սեմինարներու եւ գործնական աշխատանքի ճամբով։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացած հանդիպումի աւարտին, Գերապայծառ Տէրը «Գանձասար»-ին նուիրեց օրինակ մը Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Համայնքի տարեկան օրացոյցէն, որ նուիրուած էր Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի։
Իր կարգին, «Գանձասար»-ի խմբագիրը Գերապայծառ Տիրոջ նուիրեց «Գանձասար Բացառիկ 2026»-էն օրինակ մը։
Այնուհետեւ Գերապայծառ Տէրը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց եւ յաջողութիւն ու խաղաղ պայմաններ մաղթեց խմբագրակազմին։
Աղբիւրը` Գանձասար
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ