Որոնել

2026.02.19 Delegazione Senato Francese visita la Chiesa Armeno Cattolica a Damasco

Դամասկոս. Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհի. Հ, Գէորգ եպս. Ասատուրեան ընդունած է ֆրանսացի բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը

Պատուիրակութեան անդամները Առաջնորդ Գերապայծառին հետ քննարկած են Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր դրութիւնն ու նաեւ Քրիստոնէական համայնքներու խնդիրներն ու կարիքները։

Օրերս Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ Արհի. Տ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան Առաջնորդարանէն ներս ընդունած է Ֆրանսացի ծերակուտական Օլիվիէ Քատիքին, որ պատուիրակութեան մը գլխուն այցելութիւն կու տար՝ Սուրիա։

Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ Գերյ. Հ. Գէորգ եպս. Ասատուրեան, իր հետ ունենալով Գերպ. Հ. Ժորժ ծ.վրդ. Պահէն  ընդունած է ֆրանսացի ծերակուտական Օլիվիէ Քատիքին։

 Մեծարգոյ հիւրին ընկերակցած է Սուրիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան գործակատար Ժան-Բաթիստը, խորհրդատու տիկին Նատիա Շայիան եւ «Օգնութիւն Արեւելքի Քրիստոնեաներուն» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Վանսան Ժիլոն։

 Պատուիրակութեան անդամները Առաջնորդ Գերապայծառին հետ քննարկած են Սուրիոյ մէջ տիրող ընդհանուր դրութիւնն ու նաեւ Քրիստոնէական համայնքներու խնդիրներն ու կարիքները։

Աղբիւրը` Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2026, 13:25