2026.02.24 Prigionieri armeni a Baku

Միրզոյեան ՄԱԿի բեմէն անդրադարձաւ Պաքուի մէջ պահուող գերիներու հարցին

Յայտնենք, որ Ազրպէյճան հայ ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարներն ու միւս գերիները դատապարտած է 15 տարիէն մինչեւ ցմահ բանտարկութեան:

Փետրուար 23ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ժընեւի մէջ, ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի բարձրաստիճան նիստին առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Պաքուի մէջ պահուող գերիներու հարցին, հակառակ անոր, որ անոնց հաշուոյն արձակուած դատավճիռներուն մասին ցարդ ոչ մէկ բառ արտասանեց այն իշխանութիւնը, որուն ներկայացուցիչներէն է ինք։

«Թէեւ հակամարտութեան ցաւալի մարդասիրական հետեւանքները դեռեւս ենթակայ են լուծման, իսկ հեռաւոր եւ ոչ վաղ անցեալի վէրքերը շարունակում են մնալ բաց, մենք ընտրել ենք հաշտեցման դժուարին ուղին: Սա, անշուշտ, բարդ գործընթաց է` հաշուի առնելով, որ 19 հայ պահուող անձինք դեռեւս գտնւում են Բաքւում, առկայ է անյայտ կորած անձանց ճակատագրերի պարզաբանման եւ բռնի անհետացումների դէպքերի բացայայտման անհրաժեշտութիւն եւ միաժամանակ տարածւում են խեղաթիւրուած պատմական նարատիւներ (պատումները): Այնուամենայնիւ, Հայաստանը մնում է հաստատակամօրէն յանձնառու շարունակելու այս ուղին` ապագային միտուած հանգրուանին հասցնելու նպատակով, այն գիտակցմամբ, որ խաղաղութիւնը կը ձեւաւորի առաւել նպաստաւոր միջավայր հակամարտութեան հետեւանքների հասցէագրման համար», ըսաւ ան:

Միրզոյեան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բանակցութիւններուն, նշելով. «Տասնամեակներ տեւած զինուած հակամարտութիւններից եւ մարդասիրական ճգնաժամերից յետոյ, Հայաստանը եւ Ադրբեջանը վճռական քայլեր ձեռնարկեցին մեր տարածաշրջանում երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ: Անցեալ տարի Վաշինգտոնում կայացած Խաղաղութեան գագաթաժողովը ոչ միայն խաղաղութիւն հաստատեց երկու երկրների միջեւ, այլեւ ճանապարհ հարթեց առեւտրի, փոխկապակցուածութեան եւ մարդկանց միջեւ շփումների համար: Այս ուղին կառավարութիւնների միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններից անդին տանելու նպատակով մենք նաեւ սերմանում ենք մեր հասարակութիւնների, այդ թւում` տուժած բնակչութեան միջեւ իրական երկխօսութեան եւ վստահութեան հիմքերը»:

Յայտնենք, որ Ազրպէյճան հայ ռազմաքաղաքական նախկին ղեկավարներն ու միւս գերիները դատապարտած է 15 տարիէն մինչեւ ցմահ բանտարկութեան:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2026, 08:15