Որոնել

2026.02.05 Arciprete Zahterian ha partecipato alla Conferenza di Budapesht

Գերպծ. Հ. Մաշտոց Ծ. Վարդապետ Զահթէրեան Մասնակցեցաւ Պուտաբէշտի Համաժողովին

Զմմառու Միաբանութեան մեծաւոր Հ. Մաշտոց Ծ.Վ. Զահթէրեանը Պուտաբէշտի խորհրդարանին մէջ մասնակցած է հայապահպանութեան նուիրուած համաժողովին՝ ներկայացնելով լիբանանահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Ան բարձր գնահատած է հայ երիտասարդութեան աշխոյժ նկարագիրը եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնած կազմակերպիչներուն՝ կարեւոր այս նախաձեռնութեան համար:

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր՝ գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ. Զահթէրեանը մասնակցեցաւ Պուտաբէշտի խորհրդարանին մէջ կայացած՝ «Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան կարեւորագոյն խնդիրները եւ անոնց լուծումի արդիական ճանապարհները» տիտղոսը կրող համաժողովին։ Երկուշաբթի, 2 փետրուար 2025-ին, ան իր խօսքը ներկայացուց եւ պարզեց Լիբանանահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրմները։ Ան հաստատեց՝ «այսօրուայ մեր երիտասարդները կը մնան աշխոյժ եւ աշխատասէր, սակայն միջոցները՝ տկար եւ սակաւ»։ Ապագայի բարօր ժամանակներու մաղթանքներով եզրափակեց իր խօսքը։

Մեծաւոր հայրը, Միաբանութեան անունով, իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ կազմակերպիչներուն հրաւէրին համար։

Գերպ Մաշտոց Զահթէրեան
Գերպ Մաշտոց Զահթէրեան
Խորհդարանէն ներս
Խորհդարանէն ներս

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2026, 09:02