Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք»ի առաջին երկու էջերու կրկնօրինակը նուէր Եւրոպական Խորհուրդի գրասենեակին
Անիկա 2025 թուականին ընդգրկուեցաւ ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի «Աշխարհի յիշողութեան միջազգային մատեան»ին մէջ։
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան ձեռագրատան մէջ պահուած Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք»ի առաջին երկու էջերու կրկնօրինակը որպէս նուէր յանձնուած է Եւրոպական Խորհուրդի գրասենեակին, Հայաստանի անդամակցութեան 25-րդ ամեակին առիթով։
Անիկա 2025 թուականին ընդգրկուեցաւ ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի «Աշխարհի յիշողութեան միջազգային մատեան»ին մէջ։
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան իրարայաջորդ վարչութիւններու եւ Երեւանի Մաշտոցեան Մատենադարանի միջեւ համագործակցութեան արդիւնքներէն մին է եւ կարեւոր անդրադարձ հայկական սփիւռքեան տարածքին գտնուող հայկական գանձերու արժեւորում։
Աղբիւրը` Զմմառու մայրավանք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
07/02/2026, 08:50