Որոնել

Սուրիա, գաղթականներ Սուրիա, գաղթականներ  (ANSA)

Ռասուլ Այնի մէջ տեղահանուածներու առանց ապահովական երաշխիքներու վերադարձը մերժող ցոյցեր

Սուրիոյ Ռասուլ Այն քաղաքին մէջ տեղահանուածները բողոքի ցոյցեր կատարեցին՝ մերժելով վերադառնալ իրենց բնակավայրերը առանց անվտանգութեան եւ հիմնական ծառայութիւններու յստակ երաշխիքներու։ Ըստ «Ռաշա Թուտէյ»-ի, ցուցարարները մտավախութիւն յայտնեցին, որ առանց կայուն միջավայրի ապահովման՝ տունդարձի որոշումը կրնայ յանգեցնել տեղահանութեան նոր ալիքներու եւ ապահովական լուրջ վտանգներու։

Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան Ռասուլ Այն քաղաքին մէջ շարք մը տեղահանուածներ բողոքի ցոյցեր կատարեցին` մերժելով առանց ապահովական երաշխիքներու իրենց շրջաններ վերադառնալ: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը:

Ցուցարարները տունդարձի որոշումի որդեգրումէն առաջ անվտանգ ու կայուն միջավայրի ապահովումը պահանջեցին` նշելով, որ ներկայիս տակաւին իրենց ու իրենց ընտանիքներուն անվտանգութեան երաշխաւորման պայմանները չեն ամբողջացած:

Անոնք շեշտեցին, որ անհրաժեշտ է, որ գոյութիւն ունենան յստակ միջոցառումներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն քաղաքայիններուն պաշտպանութիւնը եւ հիմնական ծառայութիւնները կ՛ապահովեն:

«Ռաշա Թուտէյ» կը գրէ, թէ ցոյցերը կայացան, մինչ շարք մը շրջաններու մէջ տունդարձի եւ վերատեղակայման թղթածրարներուն շուրջ քննարկումներ տեղի կ՛ունենան, եւ քաղաքացիներուն մօտ առանց նախապէս որդեգրուած քայլերու տունդարձի պարագային տեղահանութեան ալիքներու կրկնութեան կամ ապահովական վտանգներու ենթարկուելու նկատմամբ մտավախութիւն գոյութիւն ունի:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2026, 09:42