Որոնել

Սպանական Լլէյտա քաղաքը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Սպանական Լլէյտա քաղաքը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը 

Սպանական Լլէյտա քաղաքը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Սպանիոյ Լլէյտա քաղաքի քաղաքապետարանը միաձայնութեամբ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ որոշելով այս տարուընէ սկսեալ իրականացնել տարեկան ոգեկոչման ծրագիրներ։ Համայնքի ներկայացուցիչները շեշտեցին, որ այս ճանաչումը ոչ միայն պատմական արդարութեան վերականգնում է, այլեւ անհրաժեշտ քայլ՝ կանխարգիլելու համար նմանօրինակ ոճիրներու շարունակութիւնը, ինչպէս պատահեցաւ Արցախի պարագային։

30 յունուարին Սպանիոյ Լլէյտայի քաղաքապետարանի լիագումար նիստի ընթացքին Քաթալոնիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու եւ ազգերու միջազգային կեդրոնը եւ Քաթալոնիոյ մէջ գործող հայկական «Արարատ» միութիւնը միջնորդութիւն ներկայացուցին` պահանջելով Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը եւ անոր տարեկան ոգեկոչումը Լլէյտա քաղաքին մէջ:

Միջնորդութիւնը միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ: Որոշումին համաձայն, այս տարուընէ սկսեալ Լլէյտայի մէջ պիտի սկսի Ցեղասպանութեան յիշատակման տարեկան ծրագիր, որուն մեկնարկը պիտի տրուի լուսանկարիչ լրագրող Անտրիւ Ֆեռնանտեսի «Ցեղային զտման դէմքեր» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսով: Այս մասին «Օրեր»-ուն յայտնած է անոր սեփական թղթակիցը:

Քաղաքապետարանի լիագումար նիստին խօսք արտասանելով` համայնքի ներկայացուցիչ Աստղիկ Գալստեան յիշեցուց, որ 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով սպաննուած է աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայ:

Ան ընդգծեց, որ ցեղասպանութիւնը միջազգային մակարդակով ճանչցուած է իբրեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն, ներառեալ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ, իսկ Սպանիոյ հինգ ինքնավար խորհրդարաններ, ներառեալ Քաթալոնիոյ  խորհրդարանը, արդէն ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ աւելի քան 48 քաղաքապետարաններ, որոնցմէ առաջինը եղած է Սանթա Քոլոմա Տէ Կրամենեթը:

Աստղիկ Գալստեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Թուրքիոյ անմիջական ներգրաւուածութիւնը Արցախի մէջ կատարուած ցեղային զտման հոլովոյթին կը հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը:

«Արարատ» հայկական միութեան նախագահ Սարգիս Յակոբեան իր կարգին նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր նախապայման է պատմական ճշմարտութեան լիարժէք բացայայտման համար եւ անհրաժեշտ քայլ` ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան, երկխօսութեան եւ հաշտեցման հաստատման ճամբուն վրայ:

Անոր համաձայն, միայն ճանաչման եւ համատեղ յիշողութեան միջոցով կարելի է հասնիլ արդար, կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութեան` հիմնուած փոխադարձ յարգանքի վրայ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2026, 10:06