Կազայի վրայ Իսրայէլեան յարձակումը աւելի քան 30 զոհ խլեց
Իսրայէլի բանակին համաձայն` յարձակումին թիրախը եղած են «Համաս»ի եւ «Իսլամական Ճիհատ»ի հրամանատարները, զէնքի պահեստները եւ արտադրական տարածքները։
Հոկտեմբերի զինադադարէն ի վեր, Իսրայէլ Շաբաթ օր իր ամէնէն մահացու հարուածներէն մէկը հասցուց Կազային, սպաննելով աւելի քան 30 պաղեստինցիներ։
Իսրայէլի բանակին համաձայն` յարձակումին թիրախը եղած են «Համաս»ի եւ «Իսլամական Ճիհատ»ի հրամանատարները, զէնքի պահեստները եւ արտադրական տարածքները։
«Համաս» տեղի ունեցածը Իսրայէլ կողմէ զինադադարի հերթական խախտում մը նկատեց:
Նաեւ, Երկուշաբթի օրը Իսրայէլ մասնակիօրէն վերաբացաւ Կազայի եւ Եգիպտոսի միջեւ Ռաֆահ սահմանային անցակէտը, որուն շնորհիւ փոքրաթիւ քաղաքայիններու երթեւեկը պիտի արտօնուի:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
03/02/2026, 07:10