IRAN-PROTEST

Իրանի մէջ ուսանողական զանգուածային բողոքի ցոյցերու նոր փուլ սկսած է

Բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են Մեշհետ, Իսֆահան եւ Շիրազ քաղաքներուն մէջ: Ցոյցերուն ընթացքին հնչած են հակակառավարական կարգախօսներ:

Իրանի մէջ սկսած է ուսանողական զանգուածային բողոքի ցոյցերու նոր փուլ` նուիրուած յունուարեան ցոյցերուն ժամանակ զոհուածներու յիշատակի քառասունքին: Այս մասին իր կայքին վրայ յայտնած է Իրանի դիմադրութեան ազգային խորհուրդը:

Բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են Մեշհետ, Իսֆահան եւ Շիրազ քաղաքներուն մէջ: Ցոյցերուն ընթացքին հնչած են հակակառավարական կարգախօսներ:

«Նոր ուսումնական կիսամեակի առաջին օրը իրանեան քանի մը համալսարաններու ուսանողներ կազմակերպած են հակակառավարական ցոյցեր` համալսարանական քաղաքներու տարածքին մէջ բախում ունենալով կառավարամէտ խումբերու հետ», նշուած է նիւթին մէջ:

Լրագրողներու տուեալներով շաբաթ, 21 փետրուարին, Թեհրանի Ամիր Քապիրի եւ Շարիֆի անուան համալսարաններուն ուսանողները հաւաքուած են համալսարանական քաղաքի տարածքին` վանկարկելով Իրանի իշխանութիւններուն դէմ կարգախօսներ:

Կը նշուի, որ բողոքի ցոյցերու նոր ալիքը պայմանաւորուած է Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն սրումով:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2026, 08:27