Հայուն Հայկական Ինքնութիւն(Ներ)՞ը Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Դասախօսութիւն – Զրոյցը Ամմանի Մէջ
2026-ի Փետրուար ամսուայ առաջին կէսին, ԱՄՄ-ի Ալեք Մանուկեան Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ընդհանուր Քարտուղար Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Դասախօսութիւն – Զրոյցը՝ ՀԱՅՈՒՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ(ՆԵՐ)՞Ը Խորագրով, որը կազմակերպուած էր ԱՄՄ-ի Մշակութային Յանձնախումբի կողմէ։
Շատ շահաւէտ եւ այժմեան, բոլորիս մտահոգող այս նիւթը այնպիսի վաւերական ձեւով ներկայացուց որը ստեղծեց աշխոյժ զրոյց մը յարգելի բանախօսի եւ ներկաներուն միջեւ, խոր հետք եւ ազդեցութիւն ունենալով երիտասարդ սերունդին մէջ, որու արդիւնքը դեռ կը քաղենք։
Դասախօսութեան մէջ շօշափեց Հայ Ինքնութեան ընտրութիւնը, ազգանունէն զատ։ Որպէս Ազգային ինքնութիւն, պետական, ապրելակերպի, մաս կազմելով համաշխարհային Հայկական ցանցի, ինչպէս եւ անհատական գետնի վրայ։
Ամմանի Ազգային Մարզական Միութիւնը, 71 տարուայ Հայ մշակոյթը պահպանող կառոյց մըն է, որը կը տածէ տարբեր սերունդներու Հայ ինքնութեան հպարտութիւնը, ստեղծելով եւ պահպանելով՝ պատկանելիութեան զգացումը Հայ Ազգի հանդէպ, եւ առիթ կը ստեղծէ, Դոկտ. Հրայրի նման Հայ ինքնութեան սիրով լուսաւոր անձերու ներկայութիւնը՝ համայնքին հետ կապելու։ Ան շեշտեց կարեւորութիւնը Հայկական կառոյցներու պահպանման եւ հզօրացման։
Դոկտ. Ճէպէճեանը Իր տիկնոջ Դոկտ. Արտա ճէպէճեանի հետ միասին երկար տարիներ է արդէն Ամմանահայ համայնքին հարազատ դառնալով, կ՚աշխատին իրենց ներդրումը ունենալ Յորդանանի մէջ հայապահպանման ոգին սնուցանելով, իրենց ամեն մէկ այցով։
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի աշխատանքը բարձր գնահատուած է Պարգեւատրուելով ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան» շքանշանով, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով՝ ձեռամբը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի, եւ դարձեալ «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիի Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ Մինասեան Հոգեւոր Տիրոջ կողմէ, մեկնելով իր երկար տարիներու Ազգային-եկեղեցական ու Աստուածաշնչային գործունէութիւններու համար։ Ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Քրիստոնէական “Strategic Resource Group” կազմակերպութեան կողմէ՝ ան պարգեւատրուեցաւ «Լապիպ Մատանաթ» ի յիշատակի հաստատուած մրցանակով որ կը տրուի անձերու որոնք հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային մարզերու մէջ իրենց գործունէութեամբ նպաստ բերած են հաւաքականութիւններու մէջ։
Բախտաւոր են բոլոր անոնք որոնք առիթ ունեցած են Դոկտ. Հրայրի ներկայութիւնը վայելելու եւ լուսաւոր միտքերը ունկնդրելու։
Մարալ Ներսէսեան
Ատենապետ՝ Ազգային Մարզական Միութեան
Ամման, Յորդանան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ