Հրակ Պագարեան կը նուիրաբերէ ուսանողական կրթաթոշակի ծրագիրին
Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ Հրակ Պագարեան առատաձեռն նուիրատուութիւն մը ըրած է Հիմնարկութեան կրթաթոշակի ծրագիրին։
Կիւլպէնկեան կրթաթոշակ ստացողները յաճախ կը դառնան առաջնորդներ եւ մասնագէտներ իրենց համապատասխան բնագաւառներուն մէջ։ Ուրախ ենք որ պարոն Պագարեան որոշած է նպաստել Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին համալսարանական կրթաթոշակներու ծրագիրին՝ ուրիշ փայլուն ուսանողներու օգնելու համար։ Երեք տարիներու (2011-2013) ընթացքին Հրակ կրթանպաստ ստացած էր՝ Պէյրութի մէջ Լիբանանեան Միջազգային Համալսարանին մէջ դեղագործութիւն ուսանելու համար։ Հրակ Պագարեան կապ հաստատեց Հիմնարկութեան հետ՝ յայտնելով. «Ես Կիւլպէնկեան Հիմնարկութենէն կրթանպաստ ստացած եմ իմ համալսարանական օրերուս, հիմա կ՚ուզեմ իմ հերթիս նուիրատուութիւն մը ընել Հիմնարկութեան՝ ուրիշ ուսանողներու օգնելու համար»։ Պարոն Պագարեան այժմ դեղագործ է եւ համահիմնադիրը՝ մասնագիտացած դեղատան մը Օրանճ Քաունթիի մէջ, Քալիֆորնիա, որ 2025-ին շահած է ազգային «Տարուան դեղատուն» մրցանակը։
Հիմնարկութեան նախագահ Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժo յայտնեց. «Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կրթանպաստ կը շնորհէ իր հիմնադրութենէն ի վեր (1957)։ Մեր շահառուներուն մէջ կան բազմաթիւ ականաւոր համայնքային առաջնորդներ, գործարարներ եւ մտաւորականներ, ներառեալ երկու հայ Նոպէլեան մրցանակակիրներ։ Սոյն նուիրատուութիւնը կը նպաստէ այս երկար աւանդութեան՝ արտացոլելով մեր Հիմնադիրին առատաձեռնութիւնը»։
Շնորհակալ ենք Հրակ Պագարեանին առատաձեռնութեան համար. ան նախաձեռնեց կապ հաստատել Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ՝ համաշխարհային հայ համայնքին նպաստելու ուսանողական կրթանպաստի միջոցով։ Անոր նուիրատուութեան ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի Միջին Արեւելքի արժանաւոր ուսանողներու։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար` այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին՝ https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ