Որոնել

World Radio Day in Afghanistan

Ռատիոն՝ Արհեստական Բանականութեան դարաշրջանի ընդառաջ

Այսօր՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէն կազմակերպուած Համաշխարհային Ռատիոյի Օրը, նուիրուած է ձայնին եւ Արհեստական Բանականութեան (ԱԲ) թեմային։ Կուլիելմօ Մարքոնիի գիւտի ԴՆԹ -ին (DNA) մէջ կայ մարդոց եւ համայնքներու միջեւ կապը՝ արժէք մը, զոր ոչ մէկ Արհեստական Բանականութիւն կրնայ երբեւիցէ փոխարինել։ «Ռատիոն ունի կախարդական ուժ՝ դպչելու հեռաւոր եւ մոռցուած լարերուն»։
Ունկնդրէ լուրը

Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի - Վատիկան

«Ռատիոն այլեւս միայն ռատիօ չէ»։ Քսան տարի առաջ էր, երբ հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, Վատիկանի Ռատիոյի ընդհանուր տնօրէնը, այս խօսքերը արտասանեց մեր խմբագրական ժողովներէն մէկու մը ընթացքին։ Այն ժամանակ փոտքաստները գրեթէ փորձարարական երեւոյթ էին։ Համացանցային ռատիոկայանները տակաւին ազդեցութիւն չունէին լրագրողական աշխարհին մէջ։ Ընկերային ցանցերը նորածին վիճակի մէջ էին եւ չէին գործածուէր տեղեկատուական բովանդակութիւն տարածելու համար, մանաւանդ ձայնային ձեւով։ Սակայն Հայր Լոմպարտին ըմբռնած էր, որ ռատիոն՝ իբրեւ ճկուն եւ դիմացկուն հաղորդակցութեան միջոց, դարձեալ կը փոխուէր։ Այսօր, քսան տարի ետք (որ արհեստագիտութեան զարգացման արագութեան առջեւ գրեթէ երկրաբանական ժամանակաշրջան կը թուայ), կարելի է հաստատել Յիսուսեան քահանային կանխատեսումը․ «Ռատիոն այլեւս միայն ռատիօ չէ»։

Այնուամենայնիւ, թէեւ այսօր սովորութիւն դարձած է անբաժնելիօրէն խօսիլ «Radio and Audio»- ի մասին, ի թէ որքանով փոխուած են իրերը ժամանակի ընթացքին -

Մարքոնիի գիւտին ԴՆԹ-ն պահած է իր հիմնական յատկանիշները։ Ձայնը կը մնայ կեդրոնական։ Ձայնը՝ իր յուզմունքներով։ Յուզմունք` որ կը յառաջանայ Երգի մը կամ հարցազրոյցի մը ունկնդրութենէն, ունկնդիրի հետ զրոյցի մը կամ հանրային դէմքի խօսքերէն։ Ռատիոն կը շարունակէ մնալ «հանճարեղ բարեկամը» այլ լրատուամիջոցներուն՝ հին թէ նոր։ Թերեւս որովհետեւ ռատիոհաղորդման մը (կամ փոտքաստի մը) մէջ արհեստագիտութիւնը ունի կարեւոր, բայց ոչ գերիշխող դեր։ Գլխաւորը մարդն է՝ իր ձայնով։ Բայց արդեօ՞ք այդպէս պիտի մնայ մօտիկ ապագային։

«Արհեստական Բանականութիւնը գործիք մըն է, ոչ թէ ձայն»։ 2026 թուականի Ռատիոյի Համաշխարհային Օրուան համար ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընտրած թեման կը շեշտէ այս աճող մտահոգութիւնը։ Արդեօ՞ք ԱԲ-ն պիտի փոխարինէ մարդկային ձայնը ռատիոհաղորդումներուն մէջ։ Տեխնիկապէս, այսօր ասիկա ոչ միայն կարելի է, այլեւ արդէն լայնօրէն կը կիրարկուի շատ կայաններու մէջ։ «ԱԲ հաղորդավարներ»ով ծրագիրներ, ԱԲ-ով պատրաստուած ձայնային կրկնօրինակումներ, եւ փոՏքաստներ՝ ստեղծուած արհեստական երաժշտութեամբ եւ ձայնային «քլոնաւորումով», ուր մարդկային ներդրումը նուազագոյն է։ Այս կիրառութիւնները բազմաթիւ հարցադրումներ կը յառայացնեն, սկսեալ թափանցիկութենէն․ ունկնդիրը պէտք է իմանայ՝ արդեօք լսածը մարդկային ձա՞յն է, թէ՞ արհեստական։ Եւ պէտք է իմանայ՝ իր լսած տեղեկութիւնը ընտրուած է լրագրողի՞ թէ ալկորիթմի մը կողմէ։

Շատ նշանակալից կերպով, Լեւոն ԺԴ. կը շեշտէ հարցը` իր առաջին պատգամին մէջ՝ նուիրուած Հաղորդակցութեան Համաշխարհային Օրուան (հրատարակուած յունուար 24-ին)։ «Պահպանել դէմքերն ու ձայները,— կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը,— կը նշանակէ վերջ ի վերջոյ պահպանել մեզմէ իւրաքանչիւրը։ Թուային արհեստագիրութեան եւ Արհեստական Բանականութեան ընձեռած հնարաւորութիւնները խիզախութեամբ եւ զանազանութեամբ ընդունիլը չի նշանակեր անտեսել անոնց վտանգներն ու անորոշութիւնները»։ Ան կը նախազգուշացնէ նաեւ․ «Կեղծ իրականութիւններու ստեղծման ուժը այնքան մեծ է, որ ԱԲ-ն կրնայ խաբել մեզ՝ իւրացնելով մեր դէմքերն ու ձայները։ Աւելի ու աւելի դժուար կը դառնայ զանազանել իրականութիւնը պատրանքէն»։

Արհեստական Բանականութիւնը չի կրնար փոխարինել այն յուզումը, զոր մարդը իր ձայնով կը փոխանցէ ունկնդրին։ Ահա թէ ինչու այս նոր յեղափոխական արհեստագիտութիւնը պէտք է գործածուի՝ ինչպէս կը նշէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, որպէս գործիք։ Ոչ աւելի։ Այս տեսանկիւնէն ԱԲ-ն կրնայ մեծ օգնութիւն ըլլալ ռատիոկայաններուն համար՝ լսարանին նախասիրութիւնները աւելի լաւ հասկնալու, ձայնային արխիւները կազմակերպելու, տեղեկութիւններ աւելի արագ գտնելու եւ հնչողական ինքնութիւն մը զարգացնելու համար։ Զարգացումները մեծ են, ոմանք դեռ անկանխատեսելի։ Սակայն ոչ մէկ արհեստագիտական յառաջընթաց, որքան ալ զարգացած ըլլայ, կրնայ փոխարինել մարդկային կապը՝ որ Մարքոնիի գիւտին սրտին մէջ կը գտնուի։ ԱԲ-ն կրնայ կատարելապէս կրկնօրինակել ձայնի մը հնչերանգը։ Կարելի է, այսպէսով, «փոխարինել» ձայնալարերը։ Բայց ոչ սրտի լարերը։ Ինչպէս Մարշալ ՄաքԼուհան կ՚ըսէր՝ «Ռատիոն ունի կախարդական ուժ՝ դպչելու հեռաւոր եւ մոռցուած լարերուն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2026, 09:10