Հոգեւոր մտամփոփման օր Անթիլիասի մայրավանքին մէջ
Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի աւանդութեան համաձայն, դպրեվանեցիներ Մեծ Պահքի առաջին օրը կը կատարեն մեր Եկեղեցւոյ եօթը ժամերգութիւնները եւ կը մասնակցին ամբողջ օրուան վրայ տարածուած հոգեւոր խորհրդածութիւններու։
Նկատի ունենալով, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2026 տարին հռչակեց «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի», այս տարուան հոգեւոր մտամփոփման օրը կայացաւ Մայրավանքին մէջ: Արդարեւ, Երկուշաբթի, 16 Փետրուար 2026-ին, միաբան հայրեր, Դպրեվանքի սաներն ու ուսուցիչները միասնաբար մասնակցեցան եկեղեցական ժամերգութիւններու եւ հետեւեցան հոգեւոր բնոյթ ունեցող դասախօսութիւններու, որոնց աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ խորհրդածական հանդիպումներ։
Այս առիթով Դպրեվանքի տեսուչ Գերապատիւ Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան ներկայացուց «Խորհրդածութիւններ՝ Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումէն Բխած» նիւթը, իսկ Դպրեվանքի հոգեբանութեան դասախօս դոկտ. Շաղիկ Գանտահարեան Խիւտավէրտեան՝ «Աղօթքը, Հոգեմտային Առողջութիւնը Եւ Հոգեւոր Վերանորոգումը» նիւթը։ Քննարկումները ընթացան Վեհափառ Կաթողիկոսին 2026 տարուան հայրապետական հռչակագիրին մէջ արծարծուած միտքերուն ու գաղափարներուն եւ կատարուած թելադրութիւններուն ու յիշեցումներուն հիման վրայ։
Հոգեւոր դասախօսութեանց աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ուղղեց իր օրհնութեան խօսքը։ Ան ընդգծեց մեր ազգային, եկեղեցական թէ՛ անհատական կեանքին մէջ հոգեւորապէս նորոգուելու անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ, որ կ՚ապրինք այնպիսի պայմաններու մէջ, ուր գրեթէ ոտնահարուած են համակարգեր, սրբութիւններ եւ հոգեւոր ու բարոյական արժէքներ։ Մեզի պարտադրուած պայմաններուն մէջ, մենք պարտաւոր ենք պահելու ու պահպանելու մեր ազգային, ընտանեկան, եկեղեցական, մշակութային, բարոյական, մարդկային արժէքները։ Այսօր մեզ շրջապատած են այնպիսի «արժէքներ», որոնք մոլորեցուցիչ են եւ յաճախ՝ խաբուսիկ։ Հետեւաբար, զգոյշ պէտք է ըլլալ աշխարհէն եկող ամէն տեսակ փորձութենէ եւ կեղծ արժէքներէ, յայտնեց Նորին Սրբութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին, ան դարձեալ կարեւորեց հոգեւոր կեանքի վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ուղղեց մեր ազգի զաւակներուն հետամուտ ու բծախնդիր ըլլալու իրենց զաւակներուն, ինչպէս նաեւ՝ իրենց անձերուն հոգեւոր կեանքի դաստիարակութեան ու կերտման։
Հոգեւոր մտամփոփման օրը իր աւարտին հասաւ Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւններու կատարումով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ