Ռայի Պատրիարք. «Սուրբ Մարունի բարեխօսութեամբ կ՛աղօթենք ձեզի օգնելու զէնքի մենաշնորհման, Իսրայէլի հեռացման եւ բանակը իր ծրագիրի գործադրութեան կարող դարձնելու համար»
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը Սուրբ Մարունի տօնին առիթով Կեդրոնական Պէյրութի Մար Ժաուրժիոս եկեղեցւոյ մէջ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ պետական այրերու, դիւանագիտական անձնակազմին ու ապահովական եւ զինուորական մարմիններու ղեկավարներուն ներկայութեամբ պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ աղօթեց անոնց համար Սուրբ Մարունի բարեխօսութեան դիմելով, որպէսզի անոնց օգնէ զէնքի մենաշնորհման, զինադադարի համաձայնագիրի եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան, Իսրայէլի Հարաւային Լիբանանէն հեռացման, պետութեան իշխանութեան տարածման, բանակը իր ծրագիրը գործադրելու կարող դարձնելու եւ վերաշինութեան համար:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց անհատական ներուժը վերածելու հաւաքական ծրագիրի, պատասխանատուութիւնները ներդրելու ընդհանուր բարիքի ծառայութեան եւ վերարժեւորելու հայրենիքի ինքնութիւնը կազմած արժեչափերը, որոնք են ազատութիւնը, արդարութիւնը, միասնականութիւնն ու համակեցութիւնը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ