Մեսրոպեան Վարժարանը նշեց Տեառնընդառաջի տօնը՝ աւանդական խարոյկի արարողութեամբ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը այս տարուան Տեառնընդառաջի տօնը նշեց բացառիկ եւ աննախընթաց կերպով․ առաջին անգամ ըլլալով տօնի խորհրդանիշ խարոյկը վարեցաւ դպրոցի շրջափակին մէջ, այդպիսով ընդգծելով նաեւ անոր հետ կապուած զուտ հայկական աւանդութիւնը, որ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ մեր նախնիներէն։
Տօնակատարութիւնը սկսաւ, երբ աշակերտական թափօրը դուրս գալով Սուրբ Փրկիչ եկեղեցիէն հասաւ Մեսրոպեանի շրջափակ, կազմելով «Անդաստան»ի բոլորակը։ Արարողութիւնը գլխաւորեց վարժարանի հոգեւոր տեսուչ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեան, որուն կողքին էին Տէր Ռաֆայէլ քահանայ Ժաուհարժի եւ տիրացու Պօղոս կիսասարկաւագ Էմիշեան։ Սպասաւորումը կատարեցին աւարտական դասարանի աշակերտները։
Այս առիթով Սէրլի Թերզեան կատարեց հոգեւոր ընթերցում մը, որուն յաջորդած Աւետարանական ընթերցումի «Լոյս Բարին» բառերուն վրայ, կրակը տրուեցաւ խարոյկին՝ եկեղեցւոյ խորանէն բերուած մոմի բոցով։
Հայր Սահակ կատարեց «Անդաստան»ը՝ օրհնութիւն բաժնելով աշխարհի չորս ծագերուն։ Ան նաեւ բացատրեց Տեառնընդառաջի տօնը, որ կը խորհրդանշէ քառասնօրեայ Յիսուս Մանուկին ընծայումը՝ տաճարին, որպէս ընտանիքի առաջին արու զաւակ։
Աշակերտներ, ուսուցիչներ եւ ծնողներ խարոյկէն վարեցին իրենց մոմերը եւ վերադարձան տուն՝ այս օրհնալի արարողութեան աւարտին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ