Որոնել

Իրանի եւ Ամերիկայի դրօշակները Իրանի եւ Ամերիկայի դրօշակները  (REUTERS)

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Իրանի հետ հիւլէական բանակցութիւններու ծրագիրները

Ամերիկեան կայքը նշեց, որ իրանցիները այժմ կ՛ուզեն բանակցութիւններ վարել երկկողմանի ձեւաչափով` միայն Միացեալ Նահանգներու ներկայութեամբ, առանց արաբական եւ իսլամական պետութիւններու դիտորդի կարգավիճակով մասնակցութեան:

Աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին, թէ իրանցիները ետդարձ կը կատարեն շարք մը պետութիւններ բանակցութիւններուն մասնակցելու հրաւիրուելէն ետք վերջին օրերուն գոյացած փոխհասկացողութիւններէն եւ կ՛ուզեն բանակցութիւնները Պոլիսէն Մասքաթ տեղափոխել:

Ամերիկեան կայքը նշեց, որ իրանցիները այժմ կ՛ուզեն բանակցութիւններ վարել երկկողմանի ձեւաչափով` միայն Միացեալ Նահանգներու ներկայութեամբ, առանց արաբական եւ իսլամական պետութիւններու դիտորդի կարգավիճակով մասնակցութեան:

Ըստ աղբիւրներուն, պատճառը այն է, որ Թեհրան կ՛ուզէ «բանակցութիւնները սահմանափակել հիւլէական հարցերով» եւ չքննարկել այլ հարցեր, ինչպէս` թեւաւոր հրթիռներու ծրագիրն ու շրջանային խմբաւորումներու աջակցութիւնը, որոնք մերձակայ արաբական պետութիւններու եւ Միացեալ Նահանգներու համար առաջնահերթութիւն են:

Շրջանային երեք աղբիւրներ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Իրանի այլ պետութիւններու բանակցութիւններուն մասնակցութիւնը մերժելուն, ինչպէս նաեւ  բանակցութեան Թուրքիոյ մէջ կայացումը մերժելուն, ինչպէս նաեւ  պատճառը Իսրայէլի նման շրջանային այլ երկիրներու փափաքն է քննարկելու Իրանի գործակատարներու եւ թեւաւոր հրթիռներու հարցերը, ի տարբերութիւն իրանցիներուն, որոնք կ՛ուզեն բացառապէս կեդրոնանալ հիւլէական հարցին վրայ:

«Աքսիոս» աւելի ուշ, յղում կատարելով արաբական աղբիւրներուն հաղորդեց, թէ ամերիկեան վարչակազմը համաձայնած է բանակցութիւնները Թուրքիայէն տեղափոխելու Իրանի խնդրանքին, եւ անոնք ուրբաթ օր տեղի պիտի ունենան Օմանի մէջ:

Արաբ դիւանագէտ մը ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը ըսած է. «Իրանեան-ամերիկեան բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Օմանի մէջ, սակայն անոր շրջագիծը տակաւին կը սերտուի»:

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը նշեց. «Թրամփ կառչած կը մնայ Իրանէն չորս պահանջներու, եւ շաբաթավերջին նախատեսուած բանակցութիւններուն ընթացքին անոնցմէ պիտի չհրաժարի»:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Իրան-ամերիկեան բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան ուրբաթ օր Մասքաթի մէջ, եւ անոնք անուղղակի պիտի ըլլան»:

Աւելի ուշ երէկ երեկոյեան «Աքսիոս» հաղորդեց, որ Իրանի հետ հիւլէական բանակցութիւններու ծրագիրները տապալեցան: Ուաշինկթըն Իրանի փոխանցեց, թէ ուրբաթ օր կայանալիք բանակցութիւններու վայրի եւ շրջագիծի փոփոխութեան պիտի չհամաձայնի:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2026, 09:00