Մեսրոպեանի ուսուցիչները կը վերապատրաստուին Արհեստական բանականութեան (AI) ոլորտին մէջ
Անցած շաբաթներուն, Մեսրոպեան վարժարանի միջնակարգ բաժինի ուսուցիչները մասնակցեցան երկու առանձին սեմինարներու՝ «Համադրում, բանաւոր հաղորդակցութիւն եւ քննադատական մտածողութիւն՝ արհեստական բանականութեան միջոցով» թեմայով, որոնց նպատակն էր բարձրացնել մանկավարժներուն հմտութիւնը՝ կրթութեան մէջ Արհեստական բանականութեան օգտագործման վերաբերեալ։
Սեմինարները վարեց մարզի մասնագէտ Թոյա Օթայաք՝ վարժարանի տնօրէնի կրթական խորհրդատու տոքթ. Քոլեթ Աունի աջակցութեամբ։
Այս սեմինարները առիթ տուին, որ մեր ուսուցիչները բացայայտեն AI նոր գործիքներ, որոնց միջոցով կարելի է ստեղծել լսողա-տեսողական բազմազան նիւթեր, որոնք կը խթանեն դպրոցական դասանիւթերու ընկալումը եւ ստեղծագործականութիւնը։
Սեմինարներուն մասնակիցները կատարեցին գաղափարներու եւ փորձարկումներու փոխանակումներ, որոնք ինքնին պիտի նպաստեն Մեսրոպեանի մէջ դասաւանդման մեթոտներու զարգացման՝ աջակցելու համար մեր բոլոր աշակերտներու յաջողութեան։
Աղբիւրը` Մեսրոպեան Վարժարան
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ