Որոնել

2026.02.09 Corso su IA per i sacerdoti ad Antelias - Chiesa armena aspotolica

Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ Արհեստական բանականութեան յատուկ դասընթացք Անթիլիասի միաբանութեան

Նկատի ունենալով արհեստագիտութեան ծիրէն ներս արհեստական բանականութեան (AI) արագընթաց զարգացումն ու տարածումը, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ դասընթացք մը հաստատեց միաբան հայրերուն համար:
Ունկնդրէ լուրը

Նախաձեռնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, միաբան հայրերուն համար արհեստական բանականութեան (Artificial Intelligence) յատուկ դասընթացք մը սկիզբ առաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:

Նկատի ունենալով արհեստագիտութեան հետզհետէ ծաւալող զարգացումն ու գործածութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ յիշեալ մարզին, անոր ճիշդ գործածութենէն անդին՝ զայն դիտելով ու արժեւորելով բարոյագիտական տեսանկիւնէն: Այս մօտեցումէն մեկնելով, շուրջ երկու ամիս առաջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը այցելեց աշխարհի արհեստագիտութեան կեդրոնը նկատուող Սիլիքըն Վելին եւ ամբողջ օրուան մը տեւողութեամբ հանդիպումներ ունեցաւ արհեստագիտութեան զանազան բնագաւառներու եւ ընկերութիւններու բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

Նկատի ունենալով արհեստագիտութեան ծիրէն ներս արհեստական բանականութեան (AI) արագընթաց զարգացումն ու տարածումը, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ դասընթացք մը հաստատեց միաբան հայրերուն համար:

Դասընթացքին Հայրապետը անձնապէս կը մասնակցի: Դասընթացքի պատասխանատուն է Հայկազեան համալսարանի դասախօս Շանթ Ստեփանը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2026, 08:49