Որոնել

Համերգ Լիբանանի մէջ Համերգ Լիբանանի մէջ 

Հայաստանի Սենեկային Պետական նուագախումբին իւրայատուկ համերգը Լիբանանի մէջ

27 փետրուար 2026-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Սենեկային պետական նուագախումբի «Լոյսով` լոյսին» խորագիրով բացառիկ համերգը՝ նուիրուած Անի Պէզիքեանի յիշատակին: Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած սոյն ձեռնարկին ներկայ էին համայնքային ու քաղաքական բարձրաստիճան հիւրեր եւ արուեստասէր բազմութիւն մը:

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, օրհնութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքապետներուն, բարերարութեամբ Պէզիքեան ընտանիքին, երէկ` ուրբաթ, 27 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Լոյսով` լոյսին» խորագիրով Հայաստանի Սենեկային պետական նուագախումբի համերգը, նուիրուած` Անի Պէզիքեանի յիշատակին:

Համերգին ներկայ էին հոգեւոր պետեր, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, միութիւններու ներկայացուցիչները, արուեստագէտներ եւ մեծաթիւ արուեստասէրներ:

Նուագախումբի խմբավարն է Սիփան Օլահ (թենոր), մենակատար` սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան եւ դաշնակահար Մարիա Փալազեան: Համերգին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք հետագային:

Աղբիւըր ՝Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2026, 09:50