Որոնել

2026.02.07 Il Cardinal Erdo visita la comunità armena cattolica di Budapest

Կարդինալ Փիթըր Էրտօն այցելեց Պուտաբէշթի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին

Այցելութեան ընթացքին Մեծաւոր Հայրը եւ Հայր Պետրոսը իրենց երախտագիտութեան խօսքերը ուղղեցին Վսեմաշուք Կարդինալին՝ Պուտաբէշթի հայ համայնքին նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգատարութեան համար։ Ապա Վսեմաշուք Կարդինալը իր հայրական խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն՝ վստահեցնելով իր մշտական մօտիկութիւնը հայ ժողովուրդին։
Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 6 Փետրուար 2026-ին, Պուտաբէշթի եւ Էսթերկոմի Արքեպիսկոպոս՝ Վսեմաշուք Կարդինալ Բիթըր Էրտօ այցելեց Պուտաբէշթի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին, ուր հայ ժողովուրդին հետ աղօթեց՝ ներկայութեամբ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր՝ Գերպ. Հայր Մաշտոց Թ.Ծ.Վրդ. Զահթերեանին, եւ Պուտաբէշթի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանին։

Այցելութեան ընթացքին Մեծաւոր Հայրը եւ Հայր Պետրոսը իրենց երախտագիտութեան խօսքերը ուղղեցին Վսեմաշուք Կարդինալին՝ Պուտաբէշթի հայ համայնքին նկատմամբ իր ցուցաբերած հոգատարութեան համար։ Ապա Վսեմաշուք Կարդինալը իր հայրական խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն՝ վստահեցնելով իր մշտական մօտիկութիւնը հայ ժողովուրդին։

Զմմառու մայրավանք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

Photogallery

Կարդինալ Փիթըր Էրտօն այցելեց Պուտաբէշթի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին
07/02/2026, 08:38