2026.02.16   Festa di Carnevale con il Catholicos Aram I

Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները Վեհափառ հայրապետին հետ նշեցին Բուն Բարեկենդանը

Կիրակնօրեայ վարժարանները՝ ըլլալով քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոն, վառ կը պահեն մեր եկեղեցական ու ազգային աւանդութիւններն ու սովորութիւնները։

Բուն Բարեկենդանը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ ներկայութեան ապրուած նախամարդուն դրախտային ու երանական կեանքը, երբ տակաւին կը վայելէր մեղքէ զերծ կեանքը: Եկեղեցական յիշատակումի կողքին, բարեկենդանը կը տօնուի նաեւ ժողովրդական տօնախմբութեամբ, որ առաւելաբար կը պարունակէ փոքրիկներու ծպտում եւ դիմակներով ու խաղերով լեցուն ուրախ ժամանց:

Կիրակնօրեայ վարժարանները՝ ըլլալով քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոն, վառ կը պահեն մեր եկեղեցական ու ազգային աւանդութիւններն ու սովորութիւնները։

Արդարեւ, Կիրակի, 15 Փետրուար 2026-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ ծնողները, գլխաւորութեամբ տնօրէն Ժանին Դանիէլեանի։

Դանիէլեան իր արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ միշտ նեցուկ ու ջատագով կը կանգնի կիրակնօրեայի առաքելութեան ու գործունէութեան։ Ան նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ, աւանդութեան համաձայն, անգամ մը եւս փոքրիկներն ու անոնց ծնողները առիթը կ՚ունենան ըլլալու հայրապետարանի կամարներուն ներքոյ՝ ստանալու համար Հայրապետին օրհնութիւնը։ Ապա, ան ամփոփ կէտերու մէջ պարզեց Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի գործունէութիւնը։

Տնօրէնին խօսքէն ետք, փոքրիկները Հայրապետին ներկայացուցին իրենց սորված սաղմոսներէն, աղօթքներէն ու շարականներէն փունջ մը։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն ողջունեց մանուկները եւ գնահատեց կիրակնօրեայի տնօրէնը, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներն ու պատասխանատուները։ Հայրապետը նաեւ բարձր գնահատեց փոքրիկներուն ծնողները, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հայեցի դաստիարակութիւն ու կրթութիւն ջամբելու իրենց զաւակներուն։

Շնորհաւոր Բարեկենդան. բարով հասնինք Սուրբ Յարութեան:

 Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները Վեհափառ հայրապետին հետ նշեցին Բուն Բարեկենդանը
Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները Վեհափառ հայրապետին հետ նշեցին Բուն Բարեկենդանը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2026, 09:06