Արամ Ա Արամ Ա 

Տեառնընդառաջի նախատօնակ` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ

Ուրբաթ, 13 փետրուար 2026-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի մէջ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, որուն ընթացքին Հայրապետը պատգամեց ծնողներուն՝ շեշտելով Աստուծոյ պատկանելիութեան խորհուրդը: Եկեղեցական արարողութենէն ետք, հակառակ անձրեւոտ եղանակին, տեղի ունեցաւ աւանդական խարոյկի բռնկումը եւ հոգեւոր ու հայրենասիրական երգերով համակուած ժողովրդային հանդիսութիւնը:

Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին` Տեառնընդառաջի նախատօնակի հոգեպարար արարողութիւնը մեծ շուքով նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, ուրբաթ, 13 փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին: Սաղմոսասացութիւններու, աղօթասացութիւններու եւ աւետարանական ընթերցանութիւններու աւարտին կատարուեցաւ հոգեպարար աւանդական Անդաստանի արարողութիւնը, որուն աւարտին վեհափառ հայրապետը ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց իր հայրապետական պատգամը:

Հայրապետին պատգամը ուղղուած էր յատկապէս ծնողներուն: Ան բացատրեց եբրայական աւանդութիւնը` մանուկին տաճար ընծայումը` իբրեւ, 40-օրեայ մանուկ Յիսուսի ընծայումով, խորիմաստ աստուածաբանական աւանդութիւն, որովհետեւ այս ընծայումով հաւատացեալը կը հաստատէ Աստուծոյ իր պատկանելիութիւնը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Անոր:

Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեանց աւարտին, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, հաւատացեալները, վեհափառ հայրապետին գլխաւորած թափօրով, ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ աւանդական հրավառութիւնը: Խարոյկին շուրջ դպրեվանքի աշակերտները երգեցին հոգեւոր ու հայրենասիրական երգեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2026, 09:39