«Կոչ Իշխանութիւններուն՝ դադրեցնելու Եկեղեցւոյ հանդէպ հալածանքները». Եպիսկոպոսաց Հաւաքի Յայտարարութիւնը
17-19 փետրուարին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հրաւէրով, Աւստրիայի Սանթ Փեոլթըն քաղաքին մէջ գումարուեցաւ Եպիսկոպոսաց ժողով, որուն մասնակցեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի, Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսի Հայոց պատրիարքութիւններու 25 եպիսկոպոսներ։
Ժողովը նուիրուած էր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած արդի մարտահրաւէրներուն, եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն եւ եկեղեցւոյ ինքնավարութեան պաշտպանութեան։
Այս առիթով հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ Եպիսկոպոսները վերահաստատեցին, որ Հայոց եկեղեցւոյ գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է, եւ ան կը գործէ Սուրբ Գիրքի, եկեղեցական կանոններու ու առաքելական յաջորդականութեան սկզբունքով։ Ընդգծուեցաւ, որ Եկեղեցին մշտապէս ծառայած է հայ ժողովուրդին, Անոր պետականութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան՝ երբեք չծառայելով օտար շահերու։
Ժողովը խոր մտահոգութիւն յայտնեց եկեղեցի-պետութիւն ներկայ լարուած յարաբերութիւններու կապակցութեամբ եւ կոչ ըրաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն դադարեցնել Եկեղեցւոյ նկատմամբ ճնշումները, ազատ արձակել կալանաւորուած հոգեւորականները եւ ապահովել խղճի ու կրօնի ազատութիւնը։ Միաժամանակ, խոտորեալ հոգեւորականներուն կոչ կատարուեցաւ գործել եկեղեցական կանոններու շրջանակէն ներս եւ զերծ մնալով պառակտիչ քայլերէն։
Եպիսկոպոսները վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին՝ որպէս Եկեղեցւոյ միութեան երաշխիք։
Ժողովը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Պաքուի մէջ հայ բանտարկեալներու նկատմամբ իրականացուող դատավարութիւններու հարցով եւ դիմեց միջազգային հանրութեան՝ ջանքեր գործադրելու հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ։
Ժողովի աւարտին հնչեց աղօթք՝ Եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդի, Հայաստանի պետականութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ