Որոնել

Պոլսոյ Պատրիարքական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները Պոլսոյ Պատրիարքական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները 

Պոլսոյ պատրիարքը կոչ կ՚ընէ ստեղծելու սինոդական կառոյց՝ առկայ հարցերը լուծելու նպատակով

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Արք. Մաշալեան կ՚առաջարկէ ստեղծել եպիսկոպոսական սինոդական կառոյց մը, որպէսզի նեցուկ կանգնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ ելք որոնէ եկեղեցի-իշխանութիւն ներկայ ճգնաժամային իրավիճակէն։ Ըստ Պատրիարքին՝ վարչական այս բարեփոխումը եւ Ազգային եկեղեցական ժողովի յստակ թուականի սահմանումը անհրաժեշտ են Մայր Աթոռի հեղինակութիւնը պահպանելու եւ հոգեւորականութեան ներքին միասնութիւնը վերականգնելու համար։

Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան կ՚առաջարկէ սինոդական կառոյց ստեղծել՝ որպէս իշխանութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններու մէջ ճգնաժամէն ելք: Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանէն յայտնած են, որ այս յայտարարութիւնը ան ըրած է Վիեննայի մէջ գումարուած Եպիսկոպոսական հաւաքի բացման նիստի իր ուղերձին մէջ:

Ըստ արքեպիսկոպոսի՝ սա պիտի ամրապնդէ Մայր Աթոռի եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի դիրքերը: Մաշալեան առաջարկած է նաեւ սահմանել Ազգային եկեղեցական ժողովի գումարման յստակ ամսաթիւ։

Սինոդական կառոյցը կրօնական-եկեղեցական կառավարման բարձրագոյն մարմին է՝ բաղկացած բարձրաստիճան հոգեւորականներէ:

Պոլսոյ պատրիարքը, նշելով, որ երկկողմանի գրգռիչ գործողութիւններն ու արտայայտութիւնները կը խորացնեն իրավիճակը, շեշտած է, որ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հեղինակազրկուած է: Ըստ անոր՝ սինոդական կառոյցի կազմին մէջ կրնան ընդգրկուիլ նաեւ որոշ ընդդիմադիր հոգեւորականներ։ Սա, Մաշալեանի կարծիքով, կրնայ հող նախապատրաստել անցումային շրջանի մէջ ելքեր որոնելու համար։

«Ասիկա առիթ մըն է որ այս Եպիսկոպոսական Ժողովը ընտրէ տասներկու աւագ եպիսկոպոսներ որպէսզի այս շրջանին Մայր Աթոռի կառավարման գործին նեցուկ կանգնին Վեհափառ Տիրոջ:

Եթէ Մայր Աթոռը չստանձնէ այս վարչական բարեփոխութիւնը, կը վախնամ ներկայ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի կազմով Վեհափառ Հայրապետի հեղինակութիւնը անբաղձալի կերպով պիտի տկարանայ», - նշած է Մաշալեան:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2026, 09:04