Կազան փլատակներու կոյտ մըն է, անհրաժեշտ է վերականգնել միջազգային իրաւունքը
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
12 Յունուար 2026 թուականին, Միջին Արեւելքի մէջ Պաղեստինցի փախստականներու օգնութեան եւ զբաղուածութեան համար ՄԱԿ-ի գործակալութեան (UNRWA) յանձնակատար Ֆիլիփ Լազարինին Վատիկանին մէջ հանդիպեցաւ Լեւոն ԺԴ․ Պապին։
Այդ առթիւ Վատիկան նիուզի Ֆրանսական բաժնի աշխատակից Օլիվիէ Պոննելը հարցազրոյց ունեցաւ Լազարանիին հետ, որուն ընդունած էր նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը երկու տարի առաջ՝ 11 Մայիս 2023 թուականին։
Այս երկու հանդիպումներուն միջեւ կարծես ամբողջ դար մը անցած ըլլար․ այդ ընթացքին՝ Հոկտեմբեր 7-ի ահաբեկչական յարձակումէն ի վեր, Կազան գրեթէ ամբողջութեամբ աւերած է իսրայէլեան ռմբակոծումներուն հետեւանքով, իսկ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը ոտնահարուած։
ՄԱԿի ընդհանուր յանձնակատարը Լեւոն Պապին հետ հանդիպումի տպաւորութիւնները կիսեց Վատիկան նիուզին հետ՝ ներկայացնելով Կազայի եւ Անդրյորդանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը, որոնց ամփոփ կերպով կ’անդրադառնանք ստորեւ։
Կազան այսօր գրեթէ ամբողջովին քանդուած է
Ֆիլիփ Լազարինի նախ նշեց, որ Կազան այսօր գրեթէ ամբողջովին քանդուած է, բնակչութիւնը կ՛ապրի ծայրայեղ թշուառութեան մէջ, իսկ մարդասիրական օգնութիւնը չի բաւարարեր հիմնական կարիքները։
Կրթական ոլորտին վրայ ազդեցութիւնը
Ան ապա ընդգծեց, որ Հոկտեմբեր 7-էն ետք բռնկած պատերազմը, այսօր նաեւ UNRWAին գործունէութեան դադրեցումը ծանր ու խոր հետեւանքներ ունի յատկապէս կրթութեան ոլորտին մէջ, քանի որ հարիւր հազարաւոր երեխաներ դպրոց յաճախելու հնարաւորութիւն չ’ունին։ Կրթութիւնը, ըստ անոր, միակ արժէքն է, որ երբեք չէ խլուած պաղեստինցիներէն։ Թէեւ անոնք կորսնցուցած են իրենց հողերն ու տուները, կրթութիւնը միշտ եղած է ապագայի յոյսը։
Այսօր Կազայի հատուածի մէջ բոլոր համալսարանները կործանուած են, իսկ դպրոցներուն շուրջ 80 տոկոսը վնասուած կամ ամբողջովին աւերուած է։ Աւելի քան 600.000 դպրոցական տարիքի երեխաներ կ՛ապրին փլատակներու մէջ՝ խոր հոգեկան ցնցումներով։ Եթէ անոնք շուտով չվերադառնան ապահով կրթական միջավայրի մը մէջ, վտանգ կայ ամբողջ սերունդ մը կորսնցնելու, ինչ որ ապագային կրնայ ծնունդ տալ աւելի մեծ ծայրայեղականութիւն։
Միջազգային իրաւունքի խախտումները
Լազարինին ընդգծեց, որ վերջին տարիներուն միջազգային մարդասիրական իրաւունքը հետեւողականօրէն եւ համատարած կերպով խախտուած է՝ «առանց նոյնիսկ փորձելու ուրանալ այդ խախտումները», եւ այդ մէկը, յատկապէս Կազայի եւ Պաղեստինի պարագային։ Այս իրավիճակը խոր ճեղք ստեղծած է աշխարհի հարաւի եւ հիւսիսի միջեւ ընկալումներուն մէջ, քանի որ միջազգային իրաւունքը կը կիրառուի ընտրովի կերպով։
Անդրյորդանանի մէջ իրավիճակը նոյնպէս մտահոգիչ է՝ իսրայէլեան բնակավայրերու ընդարձակման, վերաբնակներու բռնութիւններու եւ UNRWAի դէմ օրէնսդրական ճնշումներու պատճառով։ Ան զգուշացուց, որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքը շարունակաբար կը խախտուի, ինչ որ կը տկարացնէ բազմակողմանի համակարգը։
«Այսօր միջազգային իրաւունքը հիւանդ է, բայց մենք չենք կրնար զայն լքել, որովհետեւ առանց կանոններու աշխարհը կը դառնայ բարբարոսութիւն», ըսաւ ան։
Պապի կարեկցանքը եւ խաղաղութեան պատգամները
Լեւոն ԺԴ.-ի կարեկցանքի եւ խաղաղութեան պատգամները մեծ նշանակութիւն ունին պաղեստինցի ժողովուրդին համար, որ ինքզինք մոռցուած կը զգայ միջազգային համայնքին կողմէ։
Պապին ձայնը կը հասնի ոչ միայն քրիստոնեաներուն, այլ բոլոր համայնքներուն՝ անկախ կրօնական պատկանելիութենէն, որպէս մխիթարութիւն եւ յոյս, որպէս խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան կոչ, շեշտեց ի վերջոյ Միջին Արեւելքի մէջ Պաղեստինցի փախստականներու օգնութեան եւ զբաղուածութեան համար ՄԱԿ-ի գործակալութեան ընդհանուր յանձնակատարը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ