Եւրոպական Միութիւնը կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի մէջ պահուող 4 հայու ազատ արձակումը
Եւրոպական Միութեան բանբեր Անիթա Հիփեր ողջունեց Ազրպէյճանի կողմէ չորս հայ գերիներու ազատ արձակումը՝ զայն որակելով կարեւոր քայլ Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ։
Մենք կ՛ողջունենք Ազրպէյճանի կողմէ պահուող 4 հայու ազատ արձակումը եւ փոխանցումը: Ընկերային ցանցի իր էջին վրայ գրած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գլխաւոր բանբեր Անիթա Հիփեր:
«Ասիկա մեծ քայլ յառաջ է Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ: Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ երկու երկիրներուն միջեւ հետագայ դրական քայլերուն», նշած է Հիփեր:
Լուրը՝ Ազդակէն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
16/01/2026, 07:00