Որոնել

Միացեալ Նահանգներու. նախագահ Թրամփ Միացեալ Նահանգներու. նախագահ Թրամփ 

Թրամփ Կազայի մէջ խաղաղութեան խորհուրդի ստեղծումը յայտարարեց

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց Կազայի պատերազմը դադրեցնելու նպատակով «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ի ստեղծումը, որ պիտի հովանաւորէ Կազայի անցումային կառավարումը։ Այս ծրագիրին ծիրէն ներս, ճարտարապետ Ալի Շհէյթիի գլխաւորած պաղեստինեան փորձագէտներու յանձնախումբը պիտի ստանձնէ տարածաշրջանի վերաշինութեան եւ ղեկավարման պարտականութիւնը։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու ամերիկեան ծրագիրին մէջ նշուած «խաղաղութեան խորհուրդ»-ի ստեղծումը յայտարարեց:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է յայտարարել, որ խաղաղութեան խորհուրդը կազմուեցաւ: Անոր անդամներուն ցուցակը շուտով պիտի հրապարակուի», յայտնեց Թրամփ:

«Կրնամ հաստատել, որ անիկա որեւէ ժամանակի եւ վայրի մէջ ձեւաւորուած մեծագոյն եւ ամէնէն հեղինակաւոր խորհուրդն է», աւելցուց ան:

Կարճ ժամանակ առաջ յայտարարուած էր պատերազմէն ետք Կազայի ղեկավարման համար 15 անդամներէ բաղկացած պաղեստինեան փորձագէտներու յանձնախումբի կազմութիւնը:

Թրամփ ըսաւ, որ «իբրեւ Խաղաղութեան խորհուրդի նախագահ» կ՛աջակցի փորձագէտներէ կազմուած այս անցումային յանձնախումբին, որուն պարտականութիւնը «փոխանցման փուլի ընթացքին Կազային իշխելը» պիտի ըլլայ:

Պաղեստինցի քաղաքային ճարտարապետ Ալի Շհէյթի վստահուեցաւ փորձագէտներու յանձնախումբի ղեկավարի պաշտօնը: Ան պիտի ունենայ քանդուած Կազայի վերաշինութեան առաջին փուլի ղեկավարման դժուար պարտականութիւնը:

Նշենք, որ յանձնախումբը երէկ Գահիրէի մէջ գումարեց իր առաջին ժողովը:

Լուրը՝ Ազդակէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2026, 09:42