2026.01.29 Cartina Armenia TRIPP

TRIPP-ը Ռուսիայէն պիտի խլէ հարաւային կովկասի մէջ գլխաւոր դերակատարի դիրքը․ Քիեւ

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ նախագծին Ռուսիոյ մասնակցութիւնը նոյնիսկ չէ քննուած Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի կողմէ։

«TRIPP-ը վերջապէս պիտի զրկէ Ռուսիան՝ Հարաւային Կովկասի մէջ գլխաւոր դերակատարի դիրքէն», կ՛ըսուի Ուքրանիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան պաշտօնական կայքին վրայ լոյս տեսած յայտարարութեան մէջ։

Այնտեղ կը նշուի, թէ մինչեւ վերջերս, Մոսկուա ինքզինք հաստատած էր իբրեւ շրջանի գլխաւոր դերակատարը, որուն վերահսկողութեան տակ էին հաղորդակցութեան գլխաւոր կապերը։

«TRIPP-ով նախատեսուած է քարիւղի եւ կազի խողովակաշարեր ու հաղորդակցութեան ցանցեր անցընել, ինչպէս նաեւ երկաթուղային եւ ճանապարհային ենթակառուցուածքներ կառուցել՝ Իրանի սահմանակից երկաթուղային ճիւղին երկայնքով։ Ըստ շահառուներուն՝ միջանցքը մաս պիտի կազմէ Չինաստանէն, Ղազախստանէն, Կասպից ծովէն, Ատրպէյճանէն եւ Վրաստանէն անցնող ու Թուրքիա եւ եւրոպական երկիրներ հասնող ճամբաներու ցանցին։

Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի՝ նախագծին Ռուսիոյ մասնակցութիւնը նոյնիսկ չէ քննուած Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի կողմէ։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2026, 08:14