Որոնել

Սուտան, պատերազմ Սուտան, պատերազմ  (AFP or licensors)

Սուտանի արիւնալի տագնապը. Մէկ շաբթուան մէջ հարիւրէ աւելի զոհ

Սուտանի Տարֆուր շրջանին մէջ վերջին բախումները խլած են աւելի քան հարիւր զոհ՝ վատթարացնելով աշխարհի մեծագոյն մարդկային ճգնաժամը, որ արդէն տասնեակ հազարաւոր զոհեր եւ միլիոնաւոր տեղահանուածներ պատճառած է: Տագնապը սկսած է տարածուիլ նաեւ դէպի Հարաւային Սուտանի սահմանները, ուր զինուորական բախումները կը սպառնան շրջանային անկայունութեան՝ մինչ միլիոնաւոր մարդիկ անօգնական կը սպասեն կենսական մարդասիրական օգնութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վերջին շաբթուան ընթացքին Սուտանի Տարֆուր շրջանի մէջ կացութիւնը ծայրայեղ վատթարացած է՝ խլելով աւելի քան հարիւր զոհ: Սուտանի բանակին եւ անոր թշնամի «Արագ Աջակցութեան Ուժերուն» (RSF) միջեւ բախումները կեդրոնացած են Ալ-Զուրուք եւ Քերնոյ քաղաքներուն մէջ: Անօդաչու սարքերու ռմբակոծումները եւ յարձակումները պատճառած են տասնեակ քաղաքայիններու մահը, մինչդեռ վիրաւորներուն թիւը կը շարունակէ բարձրանալ:

2023-ի Ապրիլին սկսած այս պատերազմը Սուտանը վերածած է մոլորակի վատթարագոյն մարդկային աղէտի վայր: ՄԱԿ-ի տուեալներով՝ զոհերուն թիւը կը հասնի առնուազն 150,000-ի, իսկ աւելի քան 13 միլիոն մարդ ստիպուած եղած է լքել իր տունը: Այսօր Սուտանը աշխարհի ամենաշատ տեղահանուածներ ունեցող երկիրն է, ուր 30 միլիոնէ աւելի մարդ կարիքը ունի մարդասիրական օգնութեան, իսկ 26 միլիոնը կը տառապի սննդային լուրջ անապահովութենէ:

Տագնապը կը տարածուի նաեւ սահմաններէն դուրս. Յունուար 4-ին, Հարաւային Սուտանի հիւսիսային սահմանագիծին վրայ բռնկած բախումներուն հետեւանքով զոհուած են առնուազն 30 հարաւսուտանցի զինուորներ: Ռազմական կայանի մը վերահսկողութեան համար մղուող այս պայքարը ցոյց կու տայ շրջանային անկայունութեան վտանգը: Մինչ պատերազմը կը քայքայէ երկրին ենթակառուցուածքները, միջազգային օգնութեան կարիքը կը դառնայ կենսական՝ միլիոնաւոր անմեղ կեանքեր փրկելու համար:

Սուտան, գաղթականներ, տեղահանուածներ
Սուտան, գաղթականներ, տեղահանուածներ   (AFP or licensors)

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/01/2026, 11:47