Որոնել

FILE PHOTO: Stepanakert city following mass exodus of ethnic Armenians from Nagorno-Karabakh

Երկու հայ մնացած է բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ. անոնցմէ մէկն անհետացած Է

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ըսաւ, որ այդ կինը լաւ կը ճանչնար, երբ ան տեղահանուած էր, միշտ կ՛այցելէին անոր: «Իր մօտ մշտապէս այդ ցանկութիւնը կար վերադառնալ իր տուն ամէն գնով, անգամ ինքը չէր խօսում Ստեփանակերտում կամ այլ վայրում բնակարան ստանալու մասին, այլ անընդհատ ֆիքսուած (սեւեռած կը մնար) էր իր տուն վերադառնալու գաղափարի վրայ», ըսաւ Ստեփանեան:

Բռնագրաւուած Ստեփանակերտի մէջ մնացած են երկու հայեր, որոնցմէ մէկը ատրպէյճանցիները չեն կրցած գտած, որպէսզի զայն Հայաստան տանին։ «Էդ կինը վերջին պահին անհասկանալի ձեւով անհետացել է, ադրբեջանցիները սկսել են ակտիւ (աշխոյժ) իրեն ման գալ, մի քանի րոպէ ման եկան, յետոյ սուս մնացին, մնացածին աւտօ (ինքնաշարժ) նստեցրին, տարան, էդ կնոջն էլ ոչ ոք չի տեսել», ըսաւ հանրային գործիչ Տիգրան Պետրոսեան:

Լարիսա Ստեփանեան անհետացած է վերջին վայրկեանին: 73ամեայ կինը 2020ի պատերազմէն ետք Հադրութէն տեղահանուած էր եւ կ՛ապրէր Ստեփանակերտի` կացարաններու վերածուած ոստիկանութեան շէնքին մէջ:

Լարիսան Պաքուէն եկած լրագրողներուն կ՛ըսէր, որ լաւ կը զգայ, մտադիր չէ հեռանալ Ստեփանակերտէն, որովհետեւ անպայման դարձեալ իր տունը՝ Հադրութի Տող գիւղը պիտի վերադառնայ, այս հարցով նոյնիսկ հեռակայ դիմած է Ալիեւին:

Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ըսաւ, որ այդ կինը լաւ կը ճանչնար, երբ ան տեղահանուած էր, միշտ կ՛այցելէին անոր: «Իր մօտ մշտապէս այդ ցանկութիւնը կար վերադառնալ իր տուն ամէն գնով, անգամ ինքը չէր խօսում Ստեփանակերտում կամ այլ վայրում բնակարան ստանալու մասին, այլ անընդհատ ֆիքսուած (սեւեռած կը մնար) էր իր տուն վերադառնալու գաղափարի վրայ», ըսաւ Ստեփանեան:

Բացի այդ, Ստեփանակերտ կը գտնուի նաեւ Միշա Գրիգորեան, որ ի տարբերութիւն Լարիսային, ինքնաշարժ նստած եւ հասած է Հակարիի կամուրջը, բայց Երեւան չէ հասած։ Այս մասին ականատես մը պատմած էր Տիգրան Պետրոսեանին:

Միշա Գրիգորեան ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու լաւագոյն թիրախն էր, անընդհատ հարցազրոյցներ կու տար՝ զարմանք յայտնելով, որ ինչո՞ւ հայերը Արցախէն հեռացան:

Ան նաեւ Պաքուի դատարանին մէջ վկայութիւն տուած է Ռուբէն Վարդանեանի դէմ. հայաստանցի իրաւապաշտպանները վստահ էին, որ այդ մէկը կատարուած է ատրպէյճանական ճնշումներուն տակ: Այժմ իրականութիւնը այն է, որ Գրիգորեան Ստեփանակերտէն դէպի Հայաստան ուղեւորուող վերջին ճամբորդութեան կէսէն վերադարձած է:

Յիշեցնենք, որ շաբաթ մը առաջ, Հայաստան տեղափոխուեցան Արցախի հայաթափումէն ետք այնտեղ մնացած 11 հայեր։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2026, 09:10