Որոնել

SYRIA-CONFLICT-KURDS-ALEPPO

Ամերիկեան օդուժը Սուրիոյ տարածքին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վրայ լայնածաւալ յարձակումներ գործեց

«Մեր պատգամը տակաւին յստակ է` եթէ մեր զինուորներուն վնաս հասցնէք, ձեզ պիտի գտնենք եւ աշխարհի որեւէ վայրի մէջ սպաննենք, որքան ալ արդարադատութենէն փախուստ տալ փորձէք», շեշտեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը:

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, թէ իր ուժերը, «գործընկեր ուժերու հետ գործակցաբար», Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող թիրախներու վրայ լայնածաւալ յարձակումներ գործած են:

Հրամանատարութիւնը նշեց, որ յարձակումները 13 դեկտեմբեր 2025-ին ՏԱՀԵՇ-ի լարած թակարդին հետեւանքով ամերիկացի երկու զինուորներու եւ ամերիկացի քաղաքային թարգմանիչի մը սպանութեան ի պատասխան 19 դեկտեմբեր 2025-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ցուցմունքով շղթայազերծուած «Բազէի աչք» գործողութեան ծիրին մէջ են:

«Մեր պատգամը տակաւին յստակ է` եթէ մեր զինուորներուն վնաս հասցնէք, ձեզ պիտի գտնենք եւ աշխարհի որեւէ վայրի մէջ սպաննենք, որքան ալ արդարադատութենէն փախուստ տալ փորձէք», շեշտեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը:

Յորդանանեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաստատեց, որ յորդանանեան օդուժը մասնակցած է շաբաթ գիշեր Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ ամերիկեան հարուածներուն:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/01/2026, 08:47