Որոնել

Սուրիոյ մէջ աղօթք եկեղեցիներու միութեան համար Սուրիոյ մէջ աղօթք եկեղեցիներու միութեան համար 

Մասնակցութիւն Քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան նուիրուած արարողութեան

Հալէպի Արաբ Աւետարանական Երիցական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան նուիրուած արարողութիւն՝ մասնակցութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի եւ քրիստոնեայ այլ համայնքապետներու։ «Մէկ է Մարմինը եւ մէկ՝ Սուրբ Հոգին» բնաբանով հոգեշնչող ձեռնարկը համախմբեց տարբեր յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ միասնական աղօթքի, շարականներու եւ համայնքապետներու օրհնութեան շուրջ։

Հովանաւորութեամբ Հալէպի Քրիստոնեայ Եկեղեցիներու Համայնքապետներու Խորհուրդին, Շաբաթ, 24 Յունուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հալէպի Արաբ Աւետարանական Երիցական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութ-եան աղօթքի շաբթուան նուիրուած արարո-ղութիւն, որուն քրիս-տոնեայ համայնքա-պետներուն կողքին իր մասնակցութիւնը բերաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջ-նորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, հիւրընկալութեամբ՝ Արաբ Աւետարանական Երիցական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատուելի Իպրահիմ Նսէրին։
Սրբազան հօր կþընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Զերենցեան եւ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։

Կազմակերպող յանձնախումբին թեմին կողմէ մաս կը կազմէր Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։
Օրուան բնաբանն էր՝ Եփեսացիներուն նամակի 4-րդ գլխուն 4-րդ համարը. «Մէկ է Մարմինը եւ մէկ՝ Սուրբ Հոգին, ինչպէս մէկ է յոյսը՝ որուն հրաւիրեց ձեզ Աստուած» (Եփ 4.4)։

Համայնքներու ներկայացուցիչներուն կողմէ հոգեպարար աղօթքներ արտասանուեցան եւ շարականներ երգուեցան։
Արարողակարգը իր աւարտին հասաւ համայնքապետներու օրհնութեան աղօթքով:

Լուրը՝ Գաձնասարէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2026, 09:20