Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց նախագահ Աունի Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց նախագահ Աունի 

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելեց նախագահ Աունի

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու հայ համայնքին վերաբերող հարցեր:
Ունկնդրէ լուրը

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկրի ընդհանուր կացութիւնն ու հայ համայնքին վերաբերող հարցեր:

Նախագահը ծանօթացաւ երանելի Կոմիտաս քհնյ. Քէօմիւրճեանի սրբադասման թղթածրարին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի երանելի յայտարարման համար ընթացող աշխատանքներուն:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. բարձր գնահատած է նախագահ Աունի` անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման եւ տարիներու բացակայութենէ ետք արտասահմանի մէջ լիբանանեան ներկայութեան վերականգնման ջանքերը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2026, 09:43