Փաքիստանի մէջ բացուեցաւ քաղցկեղի խնամքի եւ ամոքիչ բուժման առաջին կեդրոնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Փաքիստանի Սինտ նահանգի Հայտարապատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ երկրի առաջին քաղցկեղի խնամքի եւ ամոքիչ բուժման ցերեկային կեդրոնի բացումը։ Այս կարեւոր ձեռնարկը իրականացաւ կաթողիկէ Սուրբ Հեղինէ (St. Elizabeth) հիւանդանոցին մէջ, Հունգարիոյ կառավարութեան եւ Աւստրալիոյ ու Անգլիոյ բարերարներու աջակցութեամբ։ Յունուար 12-ին կատարուած հանդիսաւոր բացման ներկայ էին Պապական նուիրակ Ժերմանօ Փենեմոթէն, Հայտարապատի եպիսկոպոս Սամսոն Շուքարտինը եւ պետական ներկայացուցիչներ։
Հայր Ռոպերթ Մաքքալըքը նշեց, որ կեդրոնին նպատակն է անվճար ծառայութիւն մատուցել այն հիւանդներուն, որոնք ի վիճակի չեն հոգալու քաղցկեղի բուժման ծանր ծախսերը։ Փաքիստանի մէջ առողջապահական համակարգը նման յատուկ խնամք չի տրամադրեր, ուստի այս կեդրոնը եզակի է իր տեսակին մէջ։ Հիւանդները պիտի ստանան ոչ միայն բժշկական օգնութիւն, այլեւ մարդկային ջերմութիւն եւ արժանավայել վերաբերմունք։
Կեդրոնը բաց է բոլորին համար՝ անկախ կրօնական կամ ցեղային պատկանելիութենէ, ինչ որ կը նպաստէ տարածաշրջանի միջկրօնական համերաշխութեան։ Սուրբ Հեղինէ հիւանդանոցը, որ հիմնուած է 1958-ին, տարիներէ ի վեր կը գործէ Փաքիստանի մէջ՝ ծառայելով ամենակարիքաւոր խաւերուն։ Այս նոր ծրագիրը քրիստոնէական ողորմածութեան եւ անձնուէր ծառայութեան վառ օրինակ մըն է։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ