Թրամփ. «Եթէ Իրան խաղաղ ցուցարարներուն վրայ կրակ բանայ եւ սպաննէ, Ուաշինկթըն պիտի միջամտէ»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Եթէ Իրան, ըստ իր սովորութեան, խաղաղ ցուցարարներուն վրայ կրակ բանայ եւ զանոնք սպաննէ, Ուաշինկթըն անոնց օգնելու համար պիտի միջամտէ»:
Իրանի Ազգային անվտանգութեանբ բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի Թրամփին հակադարձելով «Էքս»-ի վրայ գրեց. «Թրամփ պէտք է իմանայ, որ ներքին խնդիրին միջամտելը համազօր է ամբողջ շրջանի ապակայունացման եւ ինքնին Ուաշինկթընի շահերու խաթարման»:
Ան Միացեալ Նահանգներու նախագահը մեղադրեց արկածախնդրութեան մէջ` աւելցնելով, որ Իրանի իշխանութիւնները իրարմէ կը տարբերեն բողոքող առեւտրականներու եւ պառակտիչներու գործողութիւնները:
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Շամխանի իր կարգին հակադարձելով Թրամփին շեշտեց. «Որեւէ միջամտող ձեռք, որ երեւակայածին պատրուակներով Իրանի անվտանգութեան կը վնասէ, հասնելէ առաջ զղջում յառաջացնող հակազդեցութեան պիտի արժանանայ եւ պիտի կտրուի»:
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան համաձայն, Իրանի մէջ սղաճի դէմ բողոքի ցոյցերու 5-րդ օրուան ընթացքին ցուցարարներու եւ ապահովական ուժերու միջեւ նոր բախումներու ընթացքին յաւելեալ 3 զոհեր արձանագրուած են:
Լրատու գործակալութիւնը նշեց. «Խռովարարներ Ռասթան նահանգի Ազնա քաղաքին մէջ բողոքի հաւաք մը օգտագործեցին ոստիկանութեան կեդրոնի մը վրայ յարձակում գործելու: Բախումներու ընթացքին երեք անձեր սպաննուեցան եւ 17 ուրիշներ վիրաւորուեցան:
«Ֆարս» նախապէս հաղորդած էր, որ հարաւարեւմտեան Իրանի Ռատղան քաղաքին մէջ երկու զոհեր արձանագրուած են, իսկ Ռասթան նահանգի փոխնահանգապետը յայտարարեց, թէ «խռովարարներ» Քոհտաշեթ քաղաքին մէջ Պասիժի անդամ մը սպաննած են, իսկ 13 ոստիկաններ վիրաւորուած են: Ձերբակալուած են 20 անձեր:
Իրանեան պետական լրատուամիջոցներ եւ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ 1 յունուարին հաղորդեցին, որ բախումներու պատճառով առնուազն 7 զոհեր արձանագրուած են:
«Թասնիմ»-ի հաղորդումով` մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ առնուազն 30 անձեր ձերբակալուած են «հասարակական կարգը խախտելու համար»: Կը հաղորդուի, որ ձերբակալումներ կատարուած են նաեւ այլ շրջաններու մէջ, ներառեալ Մալարտա, Լուրեսթան, Չախարմահալ եւ Պախթիար նահանգներուն մէջ:
Լրատու գործակալութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, որ արեւմտեան Իրանի Համատան քաղաքին մէջ ցուցարարները այրած են Ղուրանը եւ փորձած յարձակիլ մզկիթի մը վրայ: Ցուցարարները այրած են նաեւ այլ կրօնական գրականութիւն: Շուրջ 20 ցուցարարներէ բաղկացած այլ խումբ մը ծրագրած էր յարձակիլ մզկիթի վրայ, սակայն անոնց ծրագիրը կանխարգիլուած է:
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտարարած էր, որ կ՛ընդունի իրանցիներու «օրինական պահանջները», միեւնոյն ժամանակ կառավարութեան կոչ ուղղած տնտեսական դժուարութիւնները մեղմացնելու համար քայլեր ձեռնարկելու:
Ապահովական մարմինները, սակայն, խոստացած են կարծր կերպով վարուիլ ցուցարարներուն եւ անոնց հետ, որոնք կացութիւնը «կ՛օգտագործեն» քաոս ստեղծելու համար:
Բողոքի ցոյցերը սկիզբ առած են ազգային դրամանիշի կտրուկ արժեզրկման լոյսին տակ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ