Որոնել

2026.01.15 Liberati 4 ostaggi armeni detenuti in Azerbaigian

Չորս գերիներ ազատ արձակուեցան եւ վերադարձան Հայաստան

Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւթեանը, Վիգէն Իւլճեքեանը եւ Վագիֆ Խաչատրեանը Հակարի կամուրջին վրայ Ազրպէյճանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ յանձնուած են Հայաստանին եւ հիմա կը գտնուին հանրապետութեան տարածքին մէջ:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտնած է Պաքուի մէջ պահուող չորս գերիներու` Հայաստան վերադարձի մասին:

Անոր համաձայն, Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւթեանը, Վիգէն Իւլճեքեանը եւ Վագիֆ Խաչատրեանը Հակարի կամուրջին վրայ Ազրպէյճանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ յանձնուած են Հայաստանին եւ հիմա կը գտնուին հանրապետութեան տարածքին մէջ:

Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւթեանը եւ Վիգէն Իւլճեքեանը, վարչապետին հաղորդումով, նախնական քննութեամբ առողջական խնդիրներ չունին: 70-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանի առողջական վիճակը նախնական կը գնահատուի բաւարար: Խաչատրեանը անցնող տարուան 22 դեկտեմբերի գիշերը ազրպէյճանական բանտէն հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունք տեղափոխուած էր ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ, սրտի բարդացած խնդիրներով:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ գործընթացը իրականացուած է իբրեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ հաստատուած խաղաղութեան գործնական արդիւնք:

Սուջեանը եւ Դաւթեանը գերեվարուած են 11 նոյեմբեր 2020-ին, հրադադարի ուժի մէջ մտնելէն ետք` Շուշի ուղեւորուելու ընթացքին: Պաքուն զանոնք մեղադրած է քրէական օրէնսգիրքի շարք մը յօդուածներով, որոնց շարքին` լրտեսութիւն:

Լիբանանահայ Վիգէն Իւլճեքեան ազրպէյճանցիներուն կողմէ գերեվարուած էր 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք` 10 նոյեմբեր 2020-ին, Շուշի ուղեւորուելու ճանապարհին: Ազրպէյճան զայն իբրեւ ահաբեկիչ կը ներկայացնէր:

Վագիֆ Խաչատրեանին Ազրպէյճանի ուժայինները 2023-ի յուլիսի վերջին առեւանգած էին Հակարիի իրենց անցակէտէն. ան Կարմիր խաչի ուղեկցութեամբ ու մեքենայով Երեւան կու գար բժիշկներու ցուցմունքով` սրտի հրատապ վիրահատութեան, Պաքուն նոյն օրը յայտարարեց, թէ զայն վաղուց կը փնտռեն իբրեւ Մեշալի գիւղին մէջ «ցեղասպանութիւն կատարող»:

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած, 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին Հայաստանի դէմ մասնակցած երկու սուրիացի վարձկաններ երէկ Թուրքիոյ միջոցով փոխանցուած են Սուրիոյ, կը յայտնէ Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը:

Եուսեֆ Ալաապեթ Հաճիի եւ Մուհհռապ Մոհամետ Շխերիի նկատմամբ կայացուած դատավճիռներու հետագայ կատարումը պիտի շարունակուի Սուրիոյ մէջ:

«Փոխանցումը իրականացուած է համապատասխան իրաւասու մարմիններու միջեւ համագործակցութեան եւ կիրարկուող իրաւական մեքանիզմներու ներքեւ», նշած է նախարարութիւնը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2026, 10:42