Թրամփ. «Իրան աննախադէպ կերպով ազատութեան կը ձգտի, եւ Ամերիկան ամբողջովին պատրաստ է օգնելու»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Իրան աննախադէպ կերպով ազատութեան կը ձգտի, եւ Միացեալ Նահանգները ամբողջովին պատրաստ են օգնելու»:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, մէջբերելով ամերիկացի պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ վերջին օրերուն Թրամփին ներկայացուած են Իրանի դէմ յարձակումներու շղթայազերծման նոր ընտրանքներ: «Թրամփ վերջնական որոշում չտուաւ, սակայն կը քննէ Իրանը հարուածելու հրաման տալը` առ ի պատասխան ցուցարարներու բռնաճնշման», կը նշէ օրաթերթը:
Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը հաղորդեց, որ Թրամփին ներկայացուած ընտրանքները «կը վերաբերին ապահովական մարմիններու անդամներու, որոնք ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժ կը կիրարկեն»:
Ամերիկացի զինուորական պատասխանատու մը «Նիւ Եորք Թայմզ»-ին ըսած է. «Զինուորական ղեկավարները յաւելեալ ժամանակի պիտի կարօտին իրանեան վրէժխնդրական որեւէ հարուած դիմակայելու համար»:
Իսրայէլեան աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Իրանի մէջ ամերիկեան միջամտութեան մը կարելիութիւնը:
«Իսրայէլ առաւելագոյն պատրաստ վիճակի մէջ դրուած է` առ ի զգուշացում Իրանի մէջ ամերիկեան որեւէ միջամտութենէ», նշեց լրատու գործակալութիւնը:
Ամերիկացի հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամ իր խօսքը իրանցի ժողովուրդին ուղղելով յայտնեց. «Մեր երկարատեւ մղձաւանջը աւարտելու մօտ է: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը նկատեց ձեր քաջութիւնն ու ձեր բռնաճնշման վերջ տալու պնդումները: Այդ իրականութիւնը ազատութիւնը բոլոր սիրողները եւս նշմարեցին»:
«Երբ Թրամփ կ՛ըսէ` «Իրանը անգամ մը եւս մեծ դարձնենք», ատիկա կը նշանակէ, թէ Իրանի մէջ ցուցարարները պէտք է յաղթեն այաթոլլային: Եւ ասիկա մինչեւ հիմա ամէնէն յստակ նշանն է, թէ Թրամփ կը հասկնայ, թէ Իրան երբեք մեծ պիտի չըլլայ, այնքան ատեն որ այաթոլլան ու անոր հետեւորդները իշխանութեան վրայ են», աւելցուց ազդեցիկ ծերակուտականը:
«Իրանի մէջ զոհողութիւն կատարող իւրաքանչիւրին կ՛ըսեմ` օգնութիւնը հասնելու վրայ է», աւելցուց Կրահամ:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց. «Ամերիկեան որեւէ յարձակումի պարագային Իսրայէլն ու ամերիկեան ռազմակայանները մեզի համար օրինական թիրախներ պիտի դառնան»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահը պաշտօնապէս մեր դէմ շղթայազերծուած ահաբեկչական պատերազմին աջակցութիւն յայտնեց, սակայն Իրանը զայն պիտի դիմակայէ եւ ձախողութեան մատնէ: Յառաջիկայ օրերուն երկրին մէջ անվտանգութիւնը պիտի վերականգնի, եւ երէկ ահաբեկչական պատերազմին նահանջը տեսանք», աւելցուց ան:
Իրանի ներքին գործոց նախարար Իսքանտեր Մումինի յայտարարեց. «Անկարգութիւնները աստիճանաբար կը նահանջեն»:
Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ցոյցերու ընթացքին Իսֆահան նահանգին մէջ ապահովական ուժերու եւ ոստիկանութեան 30 անդամներ սպաննուած են: Ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերը իրենց կարգին յայտարարեցին, որ հինգշաբթի եւ ուրբաթ օր երկրի տարածքին անկարգութիւններու ընթացքին իրենց անդամներէն 8-ն սպաննուած են:
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան շեշտեց. «Իրանի թշնամիները 12-օրեայ պատերազմէն ետք կ՛ուզեն քաոս եւ անկարգութիւն սերմանել»:
«Իրանեան կառավարութիւնը մտադիր է լուծել տնտեսական խնդիրները եւ պատրաստ է ժողովուրդին լսելու», ըսաւ ան եւ ժողովուրդին կոչ ուղղեց` «ինքզինք հեռու պահելու խռովարարներէն եւ ահաբեկիչներէն», որոնցմէ շատերուն ձերբակալութիւնը երէկ յայտարարեցին իրանեան իշխանութիւնները:
«Ամերիկան ու Իսրայէլը խռովարարներուն կը հրամայեն երկրին մէջ կայունութիւնը քայքայել», ըսաւ Փեզեշքիան:
«Կ՛ուզենք ներուժները բաշխել բոլորին` հիմնուելով արդարութեան սկզբունքին վրայ, եւ ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղենք մեզ լսելու», յայտնեց Իրանի նախագահը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ