Որոնել

 Համաձայնագրի ստորագրութիւն Համաձայնագրի ստորագրութիւն  

Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի նոր ձեռքբերումը. Համաձայնագրի ստորագրութիւն “Middle East” համալսարանին հետ

Սուրբ Խաչ Հարպոյեան վարժարանի տնօրինութեան եւ «Middle East» համալսարանի (MEU) նախագահութեան միջեւ կայացած հանդիպման ընթացքին ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր։ Այս համաձայնագիրը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ վարժարանի շրջանաւարտներուն համար՝ ստանալու յատուկ կրթաթոշակներ, իսկ պաշտօնէութեան համար՝ հետեւելու մագիստրոսական ծրագիրներու:
Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 19 Յունուար 2026-ին, Սուրբ Խաչ Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեան, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց “Middle East” Համալսարանի (MEU) պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորէր համալսարանի նախագահ տոքթ. Գարլոս Պիաժժի։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին շուկայագիտութեան, հաւաքագրութեան եւ հասարակական կապերու տնօրէն տոքթ. Ճոն Իսա, գործառնական տնօրէն տիկ. Քէյլա Քրաուզ եւ հաւաքագրութեան պատասխանատու պրն. Տանի Պարքանեան:

Ջերմ ու պաշտօնական մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին, պրն. Գարատաղլեան բարձր գնահատեց “Middle East” Համալսարանի երկարամեայ զօրակցութիւնը Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի շրջանաւարտներուն՝ յատկապէս որակեալ բարձրագոյն ուսման ջամբման եւ կրթաթոշակներու տրամադրման ծիրին մէջ։ Ան շեշտեց, որ երկու հաստատութիւնները կը բաժնեկցին նոյնանման արժէքներ ու կրթական տեսլական՝ ի խնդիր ուսումնական գերազանցութեան:

Իր կարգին, տոքթ. Գարլոս Պիաժժի դրուատեց վարժարանի կրթական բարձր մակարդակը, որուն լաւագոյն ապացոյցը MEU-ի մէջ ուսանող Հարպոյեանական շրջանաւարտներուն փայլուն յառաջադիմութիւնն է։ Ան վերահաստատեց համալսարանի պատրաստակամութիւնը՝ սատարելու ոչ միայն աշակերտներուն, այլեւ վարժարանի ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան՝ իրենց ակադեմական ձգտումներու իրականացման ճամբուն վրայ։

Հանդիպման աւարտին ստորագրուեցաւ Համագործակցութեան Յուշագիր (MOU) մը, որուն նպատակն է սերտացնել ակադեմական գործակցութիւնը երկու հաստատութիւններուն միջեւ։ Համաձայնագիրին հիման վրայ, Սուրբ Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի շրջանաւարտները պիտի օգտուին յատուկ կրթաթոշակներէ եւ նիւթական օժանդակութիւններէ։ Միաժամանակ, վարժարանի պաշտօնէութիւնը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ հետեւելու մագիստրոսական (Master's Degree) ծրագիրներու՝ կրթաթոշակի յատուկ դրութեամբ, նպաստելով անոնց մասնագիտական վերելքին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2026, 09:05