Որոնել

Կրինլանտի վարչապետը Ժենս Ֆրետերիք Նիլսըն Կրինլանտի վարչապետը Ժենս Ֆրետերիք Նիլսըն 

Կրինլանտի Վարչապետին համաձայն. իր ժողովուրդը չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու մաս դառնալ

Թրամփ ամիսներէ ի վեր կ՛առաջարկէ, որ դանիական ինքնակառավարուող տարածք Կրինլանտը դառնայ Միացեալ Նահանգներու մէկ մասը:

Կրինլանտի վարչապետը երէկ յստակ յայտարարեց, որ իր ժողովուրդը չ՛ուզեր որեւէ պարագայի Միացեալ Նահանգներու մաս դառնալ:

«Եթէ մենք ստիպուած ըլլանք ընտրել Միացեալ Նահանգներու եւ Դանիոյ միջեւ, ապա մենք կ՛ընտրենք Դանիան», ըսաւ Ենս-Ֆրետերիկ Նիլսեն` Դանիայի վարչապետ Մեթթէ Ֆրետերիքսենի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Թրամփ. «Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն Անհրաժեշտ Է` Իր Ազգային Անվտանգութիւնը Ապահովելու Համար»

Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներուն անհրաժեշտ է` իր ազգային անվտանգութիւնը ապահովելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին վերստին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

Թրամփ Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանայի նահանգապետ Ճեֆ Լենտրին նշանակած էր Կրինլանտի մէջ իր յատուկ բանագնաց, ինչ որ քննադատութեան արժանացած էր Դանիոյ եւ Կրինլանտի կողմէ:

Թրամփ ամիսներէ ի վեր կ՛առաջարկէ, որ դանիական ինքնակառավարուող տարածք Կրինլանտը դառնայ Միացեալ Նահանգներու մէկ մասը:

«Կրինլանտը մեզի պէտք է ազգային անվտանգութեան եւ ոչ թէ օգտակար հանածոներու արդիւնահանման համար», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:

Դանիոյ եւ Կրինլանտի վարչապետները միացեալ յայտարարութիւն հրապարակելով ընդգծած էին, թէ Կրինլանտը կրինլանտացիներուն կը պատկանի:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2026, 08:41