Կրինլանտի Հարց. Թրամփ մաքսատուրքեր կը հաստատէ. Եւրոպան կը խոստանայ հակադարձել
Կրինլանտի հարցը Միացեալ Նահանգներու եւ անոնց եւրոպացի դաշնակիցներուն միջեւ առեւտրական խնդիր յառաջացուց, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւրոպական շարք մը երկիրներու դէմ մաքսատուրքեր հաստատեց, քայլ մը, որ եւրոպական մերժումի եւ փոխադարձ քայլերու դիմելու զգուշացումներու արժանացաւ:
Թրամփ ըսաւ, որ 1 փետրուարէն սկսեալ եւրոպական շարք մը երկիրներու դէմ մաքսատուրքեր պիտի հաստատէ, եւ այդ քայլերը պիտի շարունակուին մինչեւ Կրինլանտը գնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ: Ան ըսաւ, որ շարք մը երկիրներ, ներառեալ Դանիան, Նորվեկիան, Շուէտը, Ֆրանսան, Գերմանիան, Բրիտանիան, Նետերլանտներն ու Ֆինլանտան «անծանօթ պատճառներով» Կրինլանտ այցելութիւններ կատարեցին, ինչ որ ստեղծեց «չափազանց վտանգաւոր» կացութիւն մը, որ աշխարհի անվտանգութեան կը սպառնայ:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթա միացեալ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեցին. «Մաքսատուրքերու հաստատումը պիտի տկարացնէ անդրատլանտեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ աշխարհը վայրէջքի ոլորապտոյտի մը մէջ մտցնելու վտանգը կը ստեղծէ»:
«Եւրոպան պիտի մնայ միացեալ, համակարգուած եւ յանձնառու իր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու», ընդգծեցին անոնք:
Շուէտի վարչապետը իր կարգին ըսաւ, որ իր երկիրը «ահաբեկման առջեւ պիտի չընկրկի»` աւելցնելով, որ Սթոքհոլմ կը մերժէ տնտեսական կամ քաղաքական որեւէ ճնշում:
Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, որ կը շարունակէ եւրոպացի գործընկերներուն հետ գործակցիլ` քննարկելու համար Թրամփի յայտարարած մաքսատուրքերու հետեւանքները` շեշտելով, որ այդ քայլերուն դէմ «պատշաճ որոշումը» պիտի որդեգրէ եւրոպական մակարդակի վրայ համակարգուած ու միացեալ ձեւով:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն իր կարգին նշեց. «Որեւէ ահաբեկում կամ սպառնալիք չի կրնար մեր վրայ ազդել, ո՛չ Ուքրանիոյ մէջ, ո՛չ Կրինլանտի մէջ, ո՛չ ալ աշխարհի որեւէ այլ տեղի մէջ»:
Ան մաքսատուրքերու հաստատման սպառնալիքը նկատեց «անընդունելի»` ընդգծելով, որ եւրոպացիները պիտի հակադարձեն «միացեալ ու համակարգուած ձեւով»:
Մաքրոն շեշտեց, որ Եւրոպան «պիտի գիտնայ իր գերիշխանութիւնը ինչպէս յարգելի դարձնել»: Ան ըսաւ, որ մտադիր է իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ այս ծիրին մէջ բանակցելու:
Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ «ամբողջովին սխալ կը գործեն ՕԹԱՆ-ի անդամներու դէմ մաքսատուրքեր հաստատելով հաւաքական անվտանգութեան իրագործման ձգտելնուն համար: Անշուշտ այս հարցը ուղղակի կերպով պիտի արծարծենք ամերիկեան վարչակազմին հետ»:
Բրիտանիոյ վարչապետը նաեւ ընդգծեց, որ Կրինլանտի ապագան Դանիան եւ կղզին կ՛որոշեն:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ