Բանակին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Գնդերէցներու ծառայութիւնը կառավարութեան կողմէ դադրեցուեցաւ
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ բանակին մէջ նշանակուած հոգեւորականներու` գնդերէցներու ծառայութիւնը դադրեցուեցաւ, այս գծով հրամանը ընկերային ցանցերու իր էջերուն վրայ տեղադրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, որուն հրապարակած փաստաթուղթէն յստակ կը դառնայ, որ գնդերէցները այսուհետեւ պիտի գործեն Գլխաւոր շտաբի բարոյահոգեբանական վարչութեան համակարգումով:
Երկու շաբաթ առաջ Գորիսի հոգեւոր հովիւ Ահարոն քհնյ. Մելքումեան «Ազատութեան» յայտնած էր, որ բանակային ջոկատներու հրամանատարները կը յորդորեն գնդերէցները՝ միանալ Նիկոլ Փաշինեանի հակակաթողիկոսական արշաւին: Բանակին մէջ ծառայող ոչ մէկ հոգեւորական ցարդ յայտարարեց, որ կը միանայ Փաշինեանի` եկեղեցւոյ «բարենորոգման օրակարգին»:
Ընդդիմադիրները կը յայտնեն, որ Պապիկեանի հրամանը հակակաթողիկոսական արշաւին մաս կը կազմէ: Ինք` Պապիկեան, շաբաթներ առաջ վստահեցուցած էր, որ բանակը այս հարցին չի միջամտեր։
«Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցու դէմ պայքարի ծաւալներն ընդլայնուեցին: Սուրէն Պապիկեանի հրամանով չեղարկուել է դեռ 2000 թուականից ուժի մեծ եղած ՊՆ նախարարի հրամանը, որով կանոնակարգւում էին ՀՀ Զինուած ուժերում հոգեւոր ծառայութեան, գնդերէցների գործունէութիւնը: Գնդերէցներ, որ 1997 թուականից երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար լուսահոգի Վազգէն Սարգսեանի համատեղ նախաձեռնութեամբ եղել են զինուորի կողքին, ապրել նրանց հետ, պայքարել նրանց հետ, զոհուել, վիրաւորուել, անհետ կորել… Հետաքրքիր է` Պապիկեանն ինչ է անելու Աշոտ Բ. Երկաթ Բագրատունի թագաւորի խաչի հետ, որը յայտարարուել էր Հայոց բանակի պահապան եւ հովանաւոր սրբութիւն…Սրանք այս ամէնն ինչպէ՞ս են մարսելու», ըսաւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ