Կազան Հարուածի Տակ. Մահաբեր հրդեհներ եւ օգնութեան կազմակերպութիւններու դէմ Իսրայէլեան պատժամիջոցներ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Կազայի մէջ մարդկային տագնապը կը խորանայ. հակառակ 2025-ի հոկտեմբերին կնքուած զինադադարին, իսրայէլեան յարձակումներն ու վրաններու մէջ ծագած հրդեհները շարունակաբար մահեր կը պատճառեն, յատկապէս երեխաներու եւ կիներու մօտ: Իրավիճակը աւելի կը վատթարանայ Իսրայէլի կառավարութեան որոշումով, որով կը մերժուի արտօնագիրերու նորոգումը 37 մարդասիրական կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին են՝ «Բժիշկներ առանց սահմանի», «Oxfam» եւ «Քարիդաս»-ը: Իսրայէլ կը պահանջէ աշխատակիցներու անձնական տուեալները՝ պատճառաբանելով ահաբեկչական ներթափանցումներու կանխարգիլումը:
Միջազգային կազմակերպութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն այս քայլը. «Քարիդաս Երուսաղէմ»-ը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը՝ հիմնուելով Սուրբ Աթոռի եւ Իսրայէլի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրերուն վրայ: Միջազգային ներումը (Amnesty International) եւ Եւրոպական Միութիւնը զգուշացուցած են, որ օգնութիւններու կասեցումը կը հակասէ միջազգային օրէնքին եւ կը նկատուի «հաւաքական պատիժ»: Մինչ ՄԱԿ-ը «խայտառակ» կը որակէ այս որոշումը, իսրայէլացի նախարար Միքի Զոհարի յայտարարութիւնը, թէ «Կազան մերն է, իսկ պաղեստինցիները հիւր են», աւելիով կը սրէ լարուածութիւնը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ