Որոնել

Իտալական Քարիթաս Իտալական Քարիթաս 

Կազա. Իտալական Քարիդասի լիակատար զօրակցութիւնը՝ Երուսաղէմի Քարիդասին

Իսրայէլի կողմէ մարդասիրական կազմակերպութիւններու, ներառեալ «Caritas Jerusalem»-ի գործունէութեան արգելքին դիմաց, Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութիւնը վերահաստատեց կազմակերպութեան իրաւական կարգավիճակը՝ հիմնուած Սուրբ Աթոռի հետ գոյութիւն ունեցող միջազգային համաձայնագիրներուն վրայ: Իտալական Քարիդասը իր զօրակցութիւնը յայտնեց այս որոշման դէմ՝ յանձնառու մնալով շարունակել կենսական օժանդակութիւնները Կազայի եւ Արեւմտեան ափի տառապեալ ընտանիքներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իսրայէլի կառավարութիւնը յայտարարած է 37 մարդասիրական կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ «Caritas Jerusalem»-ի գործունէութիւնը Կազայի եւ Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին մէջ արգիլելու որոշումը, եթէ անոնք չենթարկուին գրանցման նոր պահանջներուն: Այս որոշումը խիստ քննադատութեան արժանացած է միջազգային ընտանիքին եւ Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքութեան կողմէ: Պատրիարքութիւնը շեշտած է, որ «Caritas Jerusalem»-ը կը գործէ Սուրբ Աթոռի եւ Իսրայէլի միջեւ ստորագրուած 1993-ի եւ 1997-ի պաշտօնական համաձայնագիրներու հիման վրայ, հետեւաբար նոր գրանցման կարիք չունի եւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Իտալական Քարիդասը իր լիակատար զօրակցութիւնը յայտնած է Երուսաղէմի իր գործընկերոջ՝ անակնկալ որակելով իսրայէլեան այս քայլը: Փոխ-տնօրէն Սիլվիա Սինիպալտի հաստատած է, որ իրենց աջակցութիւնը պիտի շարունակուի թէ՛ աղօթքով եւ թէ՛ գործնական օգնութեամբ, յատկապէս առողջապահական եւ ըներային ոլորտներուն մէջ: Այսօր, երբ Կազայի մէջ կեանքի տարրական պայմանները կը պակսին, Քարիդասը կը շարունակէ կենսական ծրագիրներ իրականացնել, ինչպէս՝ մանկաբուժական շարժական դարմանատունը, որ վերածուած է Ֆրանչիսկոս Պապի նուիրած «փափամոպիլ»-էն: Այս նախաձեռնութիւնները յոյսի ջահ կը հանդիսանան պատերազմի արհաւիրքին մէջ գտնուող հազարաւոր ընտանիքներու համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2026, 11:00