Որոնել

2026.01.31 San Sarkis

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

Սուրբ Սարգիս ընտանիքներու եւ սիրահարներու պահապանն է, արագահաս եւ ամենահաս օգնական ու ապաւէն: Ան նկատուած է Հայաստան աշխարհի եւ հայութեան պահապանն ու հսկողը, որ իր հրեղէն սպիտակ ձիով իր տօնին նախորդող ուրբաթ գիշերը կը սլանայ Հայկական լեռնաշխարհի վրայէն: Մուրազատու Սուրբ Սարգիս շնորհաբաշխ է յատկապէս Առաջաւորաց շաբաթապահքը պահողներուն նկատմամբ:

Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը կը նշուի Սուրբ Զատիկէն ինը շաբաթ առաջ` յունուար 18-էն մինչեւ փետրուար 23, Առաջաւորաց պահքին յաջորդող շաբաթ օրը:

Սուրբ Սարգիսը հայ ժողովուրդի ամէնէն սիրելի սուրբերէն է. ան ազգութեամբ յոյն էր եւ հռոմէական բանակի զօրավար էր:

Սուրբ Սարգիս, զինուորական իր պարտականութիւններուն կողքին եւ օգտուելով Կոստանդիանոս Մեծ կայսեր թոյլտուութենէն, Աւետարանը կը քարոզէր, մեհեանները կը քանդէր եւ եկեղեցիներ կը կառուցէր, ինչպէս նաեւ աղքատներուն կ՛օգնէր եւ տկարները կը պաշտպանէր:

Յուլիանոս Ուրացող կայսեր գահակալութենէն ետք` 361-ին, քրիստոնեաներու դէմ հալածանքներ սկսան: Սուրբ Սարգիս իր որդի Մարտիրոսի հետ հեռացաւ Հռոմէական կայսրութեան սահմաններէն, նախ Հայաստան ապաստան գտաւ, ապա Պարսկաստան գնաց:

Սուրբ Սարգիս պարսկական բանակին մէջ ալ համբաւաւոր դարձաւ իբրեւ քաջ զօրավար: Պարսիկ զինուորներէն շատեր անոր քարոզչութեան շնորհիւ քրիստոնեայ դարձան:

Շապուհ արքայ Սուրբ Սարգիսի եւ անոր զաւկին` Մարտիրոսի հրամայեց  ատրուշաններուն զոհ մատուցել: Սուրբ Սարգիս մերժեց:

Մոգերը եւ ամբոխը յարձակեցան Սուրբ Սարգիսին ու Մարտիրոսին վրայ եւ  ծեծեցին զանոնք:  Մարտիրոս  ընդունեց մարտիրոսութեան պսակը:

Շապուհ թագաւոր Սուրբ Սարգիսը բանտ նետել տուաւ, ապա գլխատման վճիռ արձակեց:

Գլխատման պահուն երկնային լոյս մը ծագեցաւ  եւ իր ցոլքերով շրջապատեց անոր մարմինը:

Պարսիկ տասնչորս զինուորներ, որոնք հաւատարիմ էին Սուրբ Սարգիսի, վերցուցին անոր մարմինը եւ մաքուր զգեստներով պատեցին` թաղելու համար: Բայց Շապուհ թագաւորին հրամանով անոնք եւս գլխատուեցան:

* * *

Սուրբ Սարգիս ընտանիքներու եւ սիրահարներու պահապանն է, արագահաս եւ ամենահաս օգնական ու ապաւէն: Ան նկատուած է Հայաստան աշխարհի եւ հայութեան պահապանն ու հսկողը, որ իր հրեղէն սպիտակ ձիով իր տօնին նախորդող ուրբաթ գիշերը կը սլանայ Հայկական լեռնաշխարհի վրայէն:

Մուրազատու Սուրբ Սարգիս շնորհաբաշխ է յատկապէս Առաջաւորաց շաբաթապահքը պահողներուն նկատմամբ:

Առաջաւորաց շաբաթապահքը, Մեծ պահքէն երեք շաբաթ առաջ` երկուշաբթիէն ուրբաթ, հաստատուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք, իբրեւ նշանակ Հայաստանի հոգեւոր լուսաւորութեան: Առաջաւորաց կոչուած է իբրեւ ազդարար Մեծ պահքին, իբրեւ հայոց առաջին ազգային պահք:

Առաջաւորաց պահքի ընթացքին օրական մէկ անգամ` երեկոյեան, աղ ու հաց եւ բանջարեղէն կ՛ուտեն, իսկ  շատեր երեք օր լման ծոմ կը պահեն, առանց ուտելու եւ առանց խմելու:

Աւանդութեան համաձայն, տօնին նախորդող ուրբաթ երեկոյեան աղջիկներ միասին մէկուն տունը կը հաւաքուին եւ աղի բլիթ կը ճաշակեն` հաւատալով, որ իրենց ապագայ կողակիցէն երազին մէջ ջուր կը ստանան: Աղջիկներ գիշերը բակը կամ տանիքը ամաններու մէջ լեցուած փոխինդ կը դնեն, որպէսզի Սուրբ Սարգիս անոր վրայ իր ձիու պայտին հետքերը ձգէ: Առաւօտուն անոնք իրարու կը պատմէին, որ իրենց երազին մէջ որմէ ջուր ստացան:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2026, 09:55